Բախտը ունեցած եմ մօտէն ծանօթանալու Միհրան Շիմշիրեանի կեանքին ու գործունէութեան տարբեր երեսներուն, յատկապէս՝ որպէս նուիրեալ հայ մարդ եւ անշահախնդիր ազգային-միութենական գործիչ:
Միհրանին հետ եղբայրական մեր բարեկամութիւնը սկսաւ պատանի տարիքէս, 1965էն, երբ ան Դամասկոսէն Պէյրութ վերադարձաւ։ Ան ստանձնեց ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղի աքելլայի պաշտօնը եւ շուտով բարձրացաւ շրջանային մակարդակի պաշտօններու։ Տարիները մեզի առիթը ընծայեցին զանազան ձեւերով գործակցելու։ Ես տեղափոխուեցայ, բայց մեր կապը մնաց ամուր, մեր ընկերութիւնը զարգացաւ եւ գործակցութիւնը մնաց անխախտ։
Միհրանը հաղորդակից, հետաքրքիր եւ ընկերային էր: Իր համոզումները՝ հաստատ, իր միութեան հանդէպ նուիրումը՝ անսակարկելի, իր կապը ազգին, եկեղեցւոյ եւ իր գաղափարական ընտանիքին հետ՝ հետեւողական եւ անբիծ: Ընտանիքին նուիրեալ ամուսին մըն էր եւ իր զաւակներով հպարտ հայր մը: Իր անմիջական շրջանակէն շատերուն համար մեծ եղբայր էր, ուրիշներու՝ խորհրդատու, իսկ բոլորին՝ անկեղծ ընկեր:
Միհրանը ՀՄԸՄի համագաղութային կառոյցի հաստատումէն ետք Կեդրոնական վարչութեան ամէնէն երկար գործած անդամն էր, նախ 1983-1999՝ 16 տարիներու եւ ապա 2007-2014՝ 6.5 տարիներու, այսինքն՝ ընդամէնը 22.5 տարիներու իր ծառայութեամբ։ 50 տարուան ՀՄԸՄական պատասխանատուի իր կեանքին ընթացքին, միութիւնը յուզող առանցքային որոշումներուն մէջ իր ունեցած ներդրումը եղաւ եզակի: Լայնախոհ էր եւ յարաբերական կապերու կողմնակից: Լիբանանի մէջ իր քրոջը՝ Արաքսին հետ առաջիններէն էր, որ պատեանէն դուրս ելաւ եւ ՀՄԸՄի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը դարձաւ: Մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ միութեան վերջին տասնամեակներու պատմութեան վրայ։ Հայաստանի անկախ պետականութեան արժէքին հաւատաւոր գիտակիցն էր ան եւ, այդ օրերու այլ ղեկավարներու հետ, անկախ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան դերակատարներէն մէկը: Իրողութիւն է, որ Համաշխարհային Սկաուտական շարժումի պիւրոյի ընդհանուր քարտուղար Ժագ Մորէոնին հետ իր տեսակցութիւնները ճամբայ բացին, որպէսզի Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ հայ սկաուտութիւնը ներկայացնելու իրաւունքը «Հայ արիներ»էն (Գուրգէն Մեծատուրեանի ազդեցութենէն) փոխանցուի Հայաստանի ազգային սկաուտութեան: Այս մէկը, անշուշտ, առիթը ընծայեց, որ Հայաստանի ՀՄԸՄը դառնայ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀԱՍԿ):
Որպէս ՀՄԸՄական, Միհրանը ղեկավարութեան դիրքերու հասած էր սկաուտական շարքերէն, բայց ան մտքով ու գործով ամբողջական միութենական էր: Նոյն ձեւով պատասխանատու կը զգար թէ՛ մարզական, թէ՛ սկաուտական եւ թէ երիտասարդական կամ կազմակերպական բնոյթի հարցերով: Համա-ՀՄԸՄական բանակումները եւ մարզախաղերը Սփիւռքէն Հայաստանի հողին վրայ կայացնելու որոշումին մէջ իր դերը էական էր: ՀՄԸՄի իրերայաջորդ Կեդրոնական վարչութիւններու ատենապետներուն նեցուկն էր ան, ազդու եւ ներգործօն խորհրդատուն: Միութենական առանցքային որոշումներու մէջ իր ունեցած ներդրումով ան հաշտարար եւ շինիչ դեր վերցուց միութիւնը յուզող ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ: Կեդրոնական վարչութեան երկար տարիներու գանձապահն էր, ծայրայեղ բծախնդրութեամբ եւ ինքն իր հանդէպ ունեցած ահաւոր պահանջկոտութեամբ:
ՀՄԸՄի պատմական եւ մշակութային արժէքներուն իր տիրապետումը ամբողջական էր: Սկզբնական տարիներուն վարակիչ լաւատեսութեամբ համակուած ղեկավար էր՝ յառաջադէմ յատկութիւններով օժտուած: Պարագաներու եւ ժամանակի բերմամբ ազգային ու միութենական մարտահրաւէրները զինք զգոյշ դարձուցին: Տարիները, սակայն, իր նուիրեալ եւ անշահախնդիր նկարագիրին վրայ ազդեցութիւն չունեցան: Զինք լաւ ճանչցողները գիտէին, որ իր քննադատական թուող տեսակէտներուն ետին կը բաբախէր զգայուն սիրտ մը՝ տոգորուած գործնական մտայնութեամբ եւ բարեփոխութեան տենչով:
Կաղապարուած գաղափարներու եւ մակերեսային վերլուծումներու չէր հետեւեր: Նորարարութեան եւ քննական մօտեցումներու ջատագովն էր: Ան շարունակ հետարքրքուած էր ոչ միայն իր հայկական շրջապատով, այլ՝ համաշխարհային տարբեր զարգացումներով: Իր շրջապատին մէջ եզակի էր նորութիւններու հետ իր հաշտ նկարագրով: Դիմատետրով եւ ընկերային հաղորդակցութեան այլ միջոցներով միշտ կապի մէջ էր: Իր անակնկալ մահէն երկու շաբաթ առաջ հետաքրքրուած էր «Ուաթց ափ»ով: Միշտ մնաց նորարարութեան եւ քննական մօտեցումներու ջատագով: 2007 թուականէն սկսեալ արդէն ՀՄԸՄի ռազմավարական ծրագրին զօրավիգ էր: Կը հարցնէր, կ՛ուզէր օգնել:
Մեր վերջին հանդիպումը եղաւ Լոս Անճելըս, Նոյեմբեր 2013ին, երբ Քալիֆորնիա այցելութեան եկած էր։ Տակաւին աչքիս առջեւ է այդ օրը։ Կարօտցած էր եւ կարծես փոփոխութեան պէտք ունէր։ Ինչպէս հին օրերը, ուրախ մթնոլորտով ունեցանք մեր ընկերային զրոյցը եւ ապա՝ միութենական հանդիպումը։ Չափազանց խանդավառ էր, որ քանի մը օրէն զաւակը պիտի տեսնէր։ Ժողովի ընթացքին իր ներդրումը ունեցաւ։ Ինչպէս միշտ, քաջալերական ու հաւասարակշռուած էր։ Անշուշտ, Լիբանան վերադարձէն ետք, մեր խօսակցութիւնները ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներով շարունակուեցան։
Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ վերջին յիսնամեակին ունեցած է քանի մը տասնեակ հզօր ղեկավարներ, բայց հազուագիւտ եղած են Միհրանին նման անշահախնդիր, նուիրեալ անձերը, որոնք երկարաշունչ կերպով ազդեցիկ եւ օգտաշատ պատասխանատուութիւն ստանձնած ըլլան: Ժամանակը աւելի պիտի հաստատէ անոր արժէքը:
ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ