«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը ստացած է հաղորդագրութիւն մը, ուր կը ծանուցուի պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեանի ազատ արձակումը պահանջող միջազգային կոմիտէի ստեղծման լուրը:
Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն հաղորդագրութիւնը.
3 Յունուար 2014էն ի վեր անազատութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ քաղաքացի հայազգի մտաւորական, քաղաքացիական գործիչ, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը:
Նկատի ունենալով մտաւորականին նկատմամբ բանտարկութեան վճիռի անընդունելիութիւնը, հետզհետէ անտանելի դարձող անոր պարտադրուած բանտային պայմանները, նոր եւ ոչ նուազ անընդունելի դատական հետապնդումներու սպառնալիքները, հանրաճանաչ մտաւորականներու եւ քաղաքացիական գործիչներու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ «Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէ:
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան դատական վճիռը կը նկատէ ծաղրանք՝ նետուած արդարութեան երեսին եւ անընդունելի տուրք՝ ազատ մտածումի իրաւունքին դէմ ուղղուած ամբոխային տրամադրութիւններուն: Կոմիտէն Նշանեանի բանտարկութիւնը կ՛որակէ խտրականութեան եւ քինախնդրութեան բացայայտ դրսեւորում, որուն կ՛ենթարկուի մտաւորականը՝ Թուրքիոյ մէջ այսպէս կոչուած պետական մտածողութեան դրոյթներու նկատմամբ անոր անհաշտ ընդդիմութեան պատճառով:
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ անյապաղ ազատ արձակել Սեւան Նշանեանը եւ դադրեցնել անոր նկատմամբ սանձազերծուած հալածանքները:
«Ազատութիւն եւ արդարութիւն Սեւան Նշանեանին» միջազգային կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ համաշխարհային հանրութեան, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մարդու իրաւունքի պաշտպան կեդրոններուն՝ դատապարտելու Սեւան Նշանեանի արգելափակման փաստը եւ ձեռնարկելու անոր ազատ արձակման քայլերու:
Կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն՝ տէր կանգնելու պետական մարմիններու պատժիչ մեքենայի զոհ, այդ երկրին համար մտաւոր այնքան արժէքաւոր աւանդ ստեղծած համաքաղաքացիին, մտաւորականին, Թուրքիոյ բազմաշերտ մշակոյթի արժէքներու պաշտպանին եւ տարածողին, յանուն այդ երկրին մէջ աւելի արդար հասարակութեան համար պայքարող մարդուն եւ յանուն արդարութեան բողոքի ձայն բարձրացնելու՝ բոլոր օրինական միջոցներով։
Կոմիտէն կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ պիտի ձեռնարկէ բազմատեսակ միջոցառումներու՝ նուիրուած Սեւան Նշանեանի դատին, որուն յաղթանակին կը հաւատայ աներկբայօրէն՝ գործակցութեամբ ուժեղ կամքի տէր մարդոց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.