ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կը նախապատրաստուի շարք մը խորհրդանշական միջոցառումներ իրականացնելու:
Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Մասիս Աբրահամեան կը յայտնէ, թէ իրենց իրականացնելիք աշխատանքները համապատասխանեցուցած են Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի միւս յանձնախումբերուն հետ: «Փոխանակուած ենք առաջարկներով եւ շարք մը գործողութիւններ պիտի կրնանք միասնաբար իրականացնել», կ՛ըսէ Աբրահամեան:
Ըստ անոր՝ կը պատրաստուի տեսանիւթ մը, որուն մէջ յայտնի հոլանտացի գործիչներ կոչ պիտի ընեն աշխարհին, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովուի:
«Հոլանտա սկզբունքօրէն ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մեր միւս նախաձեռնութիւնն է՝ ապահովել 100ամեակի Ապրիլ 24ի ցոյցին առաւելագոյն թիւով մարդոց մասնակցութիւնը եւ մեծ թիւով քաղաքական ու հասարակական գործիչներու ներկայութիւնը», կը տեղեկացնէ Մասիս Աբրահամեան՝ աւելցնելով, որ ներկայիս կը բանակցին Հոլանտայի բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի Ապրիլ 24ին բոլոր եկեղեցիները զանգերը միասնաբար հնչեցնեն որոշուած ժամուն:
«100ամեակը լայնածաւալ միջոցառումներով նշել չի նշանակեր, որ 101րդ ու 102րդ ամեակները նուազ կարեւոր պիտի ըլլան մեզի համար: Մենք պէտք է մեծ ջանքեր գործադրենք մինչեւ հասնինք մեր նպատակներուն», եզրակացուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.