ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 80 տարիներ, աննախընթաց յաջողութիւններ, անհաւատալի իրադարձութիւններ, քաղաքացիական պատերազմ, տարբեր մարտահրաւէրներ, վերիվայրումներ… Եւ տակաւին կանգուն կը մնայ մեր սիրելի վարժարանը, ու կանգուն մնալու համար ներկայիս մեր վարժարանը աւելիով կարիքն ունի օժանդակութեան։
Լիբանանի Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտից միութեան անդամներս, սրտի գոհունակութեամբ եւ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ կազմակերպած ենք 80ամեակի ճաշկերոյթ—պարահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 29ին, Կլենտէյլի «Phoenicia» ճաշարանը, երեկոյեան ժամը 7ին։ Կը փափաքինք, որ մեր վարժարանի լոսանճելըսաբնակ շրջանաւարտները ներկայ գտնուին սոյն հաւաքին եւ ճոխացնեն զայն՝ միասնաբար եւ փառաւոր կերպով տօնելով մեր վարժարանին այս անկիւնադարձը։
Սոյն հանդիսութեան համար, Լիբանանէն Քալիֆորնիա պիտի ժամանէ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Վարդուկ Պալըքճեանը, որ պիտի փոխանցէ դպրոցին մասին վերջին տեղեկութիւնները եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները, պիտի ցուցադրէ մեզի համար պատրաստուած տեսաերիզը՝ ծանօթացնելով մեզի մեր սաներուն առօրեայ կեանքը։
Երախտապարտօրէն ներկայ գտնուինք սոյն հաւաքին, ուր առիթ պիտի ընծայուի վերյիշելու մեր աշակերտական տարիները, որոնց ընթացքին ստացած ենք մեր հոգեմտաւոր կրթութիւնը եւ թրծուած՝ իբրեւ հայ քրիստոնեայ անհատներ։
Մեր փափաքն է որ առնուազն ձեր ներկայութեամբ նեցուկ կանգնիք մեր վարժարանին:
(Թղթակցութիւնը՝ Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտից Միութենէն)