ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍՈՒԹԻՒՆ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանը պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացի շքանշանով՝ գրականութեան եւ գրահրատարակչութեան զարգացման գործին ներդրած մեծ աւանդին համար:
Շքանշանը բանաստեղծուհիին յանձնեց Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Սերգեյ Սարկիսովը:
Ալիսիա Կիրակոսեան հիւպատոսին յայտնեց, որ վերջին շրջանին թուղթին յանձնած է իր հօր՝ Գուրգէն Կիրակոսեանի յիշողութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: «Ճչացող Լաբիրինթոս» վերնագիրով այս գիրքը պիտի հրատարակուի երկու լեզուով՝ անգլերէն եւ սպաներէն: Բանաստեղծուհին գիրքի անգլերէն օրինակը նուիրեց ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսին: