
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Երկիր Մեդիա».– Արագածոտնի մարզի Կարբի եւ Օհանաւան գիւղերուն մօտ նոր ջրելեկտրակայանի շինարարութեան համար բերուած սարքաւորումները՝ կռունկն ու գետնափորը, շրջակայ եօթը գիւղերու բնակիչներու ճնշման իբրեւ արդիւնք հեռացուեցան տեղադրուած վայրէն, ուր պիտի սկսէին շինարարութիւնները։ Հեռանալէ առաջ գիւղացիները յայտարարեցին, որ եթէ սարքաւորումները կրկին բերուին, եւ փորելը սկսի, իրենք կրկին պիտի փակեն Երեւան–Ապարան մայրուղին։
Նոյն օրը առաւօտուն Արագածոտնի մարզի 7 գիւղերու՝ Ուշիի, Օհանաւանի, Արտաշաւանի, Կարբիի, Սաղմոսաւանի, Երզնկայի, Եղուարդի բնակիչները փակեցին Երեւան-Ապարան ճամբան՝ պահանջելով դադրեցնել ջրելեկտրակայանի շինարարութիւնը: Անոնք մտահոգ են, որ կառուցուելիք ջրելեկտրակայանին պատճառով իրենք կրնան զրկուիլ ոռոգման ջուրէն, քանի որ Ապարանի ջրամբարէն ջրելեկտրակայանը այնքան ջուր պիտի առնէ, որ իրենց այգիները պիտի ցամքին՝ զիրենք զրկելով եկամուտի միակ աղբիւրէն։
«Նիուզ»ի թղթակիցը Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանին հարցուցած է, որ արդեօք պիտի դադրեցուի՞ ջրելեկտրակայանի շինարարութիւնը եւ սարքերը այլեւս պիտի չբերուի՞ն հրապարակ. ան խուսափած է ուղղակի պատասխան տալէ, միայն քմծիծաղով կրկնած է, որ ելեկտրակայանի կառուցումը վտանգաւոր չէ:
Այս մասին խօսած է նաեւ փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը: «Շատ ցաւում եմ, որ հարցը տեղափոխուել է փողոց», յայտնած է ան՝ ակնարկելով Ապարան-Երեւան ճամբու փակման՝ նշելով, որ բողոքի ցոյցի կազմակերպման մէջ քաղաքական ենթահող կայ. «ակցիան լաւ կազմակերպուած էր, տեղում էին նաեւ լրագրողները»:
æրելեկտրակայանի կառուցման առնչութեամբ փոխվարչապետը ըսած է, թէ ներկայիս արտօնութիւն չեն տուած, սակայն ընկերութիւնը դիմում ներկայացուցած է։ Բայց եւ այնպէս նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Արզնի-Շամիրամ» մայր ջրանցքի դոտացիոն ջրատարի վրայ նախատեսուող էներգետիկ ծրագրի իրականացման համար ջրօգտագործման թոյլտուութիւն է տրուել միայն այն պայմանով, որ բոլոր ծրագրերն իրականացուեն բացառապէս ոռոգման ռեժիմով»։