ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 5ին, Իսրայէլի ծովուժը Կարմիր ծովուն վրայ գրաւած է զէնքերով բեռնաւորուած նաւ մը, որ Կազա կ՛ուղղուէր: Նաւը բեռնաւորուած էր «302 Էմ.» տիպի հրթիռներով: Ըստ իսրայէլեան աղբիւրներու՝ հրթիռները Դամասկոսի օդակայանին ճամբով փոխադրուած են Իրան, ուր բեռնաւորուած են նաւու մը վրայ, որ ուղղուած է Իրաք, ապա՝ Սուտանի մէջ գտնուող նաւահանգիստ մը, ուր իսրայէլեան ծովուժի մասնայատուկ ուժերը զանոնք գրաւած են Էրիթրիոյ եւ Սուտանի ծովային սահմանին վրայ:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ այս հարցով Իրանի դէմ բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը Կոլանի բարձունքներուն հիւսիսը նշմարած է «Հըզպալլա»ի զինեալներ, որոնք սահմանին վրայ գտնուող ցանկապատին մօտ կը փորձէին ական լարել: Բանակը անոնց ուղղութեամբ շարք մը ռումբեր արձակած է՝ վիրաւորելով անոնցմէ երկուքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.