
Ուրբաթ, Փետրուար 28ին եւ Մարտ 1ին, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեան Քէօլն քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Բեկչեանի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Դեսպանը նաեւ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ հայկական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ան նաեւ մասնակցեցաւ Գերմանահայոց Կեդրոնական խորհուրդի նորընտիր վարչութեան առաջին նիստին, ուր քննարկուեցան ԳԿԽ եւ ՀՀ դեսպանութեան համագործակցութեան հնարաւոր հեռանկարները: