
«ԵՌԱԳՈՅՆ».- Սուրիացի արաբ պատմաբան Ամեր Մուպայետ Ռաշիտ իր facebook-եան էջին վրայ հայերու մասին կը գրէ հետեւեալը.
«Սուրիոյ մէջ բժշկութեան եւ արդի վիրաբուժութեան հիմքը դրած են հայերը. Սուրիոյ հայերը քաղաքակիրթ եւ առաջնակարգ դերակատարութիւն ունին բժշկական զարթօնքի, գիտութեան, կրթութեան, շինարարութեան, արհեստներու եւ վաճառականութեան զարգացման գործին մէջ:
Սուրիոյ մէջ առաջին անգամ «Փենեսելին»ը օգտագործած են հայերը. անոնք Հալէպի մէջ հիմնած են առաջին արդիական հիւանդանոցը, Սուրիոյ առաջին հիւանդապահական դպրոցը եւ անոնք հիմնած են Հալէպի առաջին հարիւր դեղարանները:
20րդ դարու առաջին կիսուն կը նկատուի, որ բժիշկներու, դեղագործներու եւ հիւանդապահներու մեծ մասը հայեր են»:
Արաբ պատմաբանը կը նշէ, որ բժիշկ Ասատուր Ալթունեան, Հալէպի մէջ հիմքը դրաւ բժշկութեան եւ արդի վիրահատութեան: Ան առաջինն էր, որ Սուրիոյ մէջ օգտագործեց «Փենեսելին»ը, հիմնեց հիւանդապահութեան դպրոցը 1927ին, առաջինն էր, որ Սուրիոյ բժշկութեան մէջ օգտագործեց ճառագայթային նկարը, հիմնեց առաջին արդիական հիւանդանոցը Հալէպի մէջ: Ան բուժած է աւելի քան 99,628 հիւանդ:
Պատմաբանը կը յիշատակէ 94 հայ բժիշկներու անուններ, որոնք յայտնի էին իրենց տարբեր մասնագիտութիւններուն մէջ: