Որքան դժուար է, երբ սիրելի ընկերոջ մը տուած խոստումդ կատարելէդ քանի մը օր առաջ, այդ ընկերդ անսպասելիօրէն կը հեռանայ այս աշխարհէն։
Դասընկերներէս բժիշկ Մկօ Քէշիշեան, ամէն անգամ, երբ կարդար հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններս, կը յանձնարարէր, որ անպայման ղրկեմ նաեւ աւելի քան կէս դար առաջ գրուած մէկ գրութիւնս՝ «Ոսկիէ Կշիռք»ը, որ լոյս տեսած էր Նշան Փալանճեան Ճեմարանի 8րդ դասարանի պարբերաթերթ «Կանթեղ»ին մէջ, որուն խմբագրութեան մաս կազմած էր նաեւ սիրելի Մկօն։
Պատանի տարիքէն բացառիկ սէր ունեցած էր գրականութեան հանդէպ, իսկ բժշկական ասպարէզը ընտրելով՝ զարմացուցած դասընկերները. իր իսկ խօսքերով՝ «Բժշկութիւնը արհեստս է, գրականութիւնը՝ սիրահարս»։
Անյարմար կը գտնէի 1962ին գրուած դպրոցական շարադրութիւն մը մամուլին յանձնել, սակայն իր ստիպումներուն ընդառաջելով՝ խոստացայ ղրկել հայ օրաթերթերու՝ առանց որեւէ գործնական արդիւնքի։
Տակաւին համոզուած չէի։ Ղրկե՞մ, թէ ոչ։
Մկոյին առաջարկը պատճառ մը կ՛ըլլայ, որ դարձեալ կարդամ «Կանթեղ»ը ծայրէ ծայր։ Դեղնած էջերով այդ կապոյտ կողքով գիրքին մէջ են դասընկերներս՝ իրենց յօդուածներով, ուսումնասիրութիւններով ու բանաստեղծութիւններով։ Հուրիկը ներկայացուցած է «Մեր Դասարանի Կեանքը», «Մեր Դասարանի «Հերոսները»»։ Հոն է մեր դասարանի բանաստեղծը՝ Յարութը, իր «Երգ Անմահութեան» քառեակով։ Հոն են Սօսին, Զուարթը, Մհերը, Արփին, Մկօն, եւ այլն։ Այո՛, բոլորը հոն են իրենց գրութիւններով։ Կը կարդամ անուններ, որոնց հետ, հակառակ աշխարհի չորս կողմը ցիրուցան ըլլալնուս, կապի մէջ եմ ամէն օր, անխտիր, ե-նամակի միջոցով։ Հոն գտնուող անուններէն մէկ քանին… աւա՜ղ, հեռացած են այս աշխարհէն։ Քանի մը օր առաջ Մկօն ալ միացաւ հեռացածներու շարքին։
Յաճախ կը հանդիպէինք իրարու, եւ ամէն անգամ կը յիշեցնէր յօդուածիս մասին ու ամէն անգամ նոյն պատասխանը կը ստանար։ «Գալ շաբաթ, անպայմա՛ն», սակայն քանի անգամ «Գալ շաբաթ, անպայմա՛ն»ներ մնացին միայն խոստում։ Մահէն երկու օր առաջ հանդիպեցանք իրարու։ Դարձեալ յիշեցուց։ Այս անգամ իսկապէս որոշած էի ղրկել, ու յանկարծ ընկերոջս անակնկալ մահուան լուրը կը լսեմ «Գալ շաբաթ, անպայմա՛ն»էն առաջ։ Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ խոստումս չյարգած՝ պիտի հեռանար այս աշխարհէն։
Վերջին տուած խոստումս յարգեցի, սակայն ես ինծի հարց կու տամ. ե՞ս ուշացայ ղրկելու, թէ ինք աճապարանքով հեռացաւ այս աշխարհէն։
Վստահաբար երկուքը։
Շա՛տ սիրելի Մկօ, կը ներես, որ յետ մահու գործադրեցի քեզի տուած խոստումս։ Կանուխ պատանեկութեանս գրուած այս համեստ գրութիւնս ընդունէ՛ որպէս սրտի խօսք՝ իմ եւ բոլոր դասընկերներուդ կողմէ։
ՈՍԿԻԷ ԿՇԻՌՔ
Չեմ յիշեր՝ քանի՛ տարեկան էի։ Հաւանաբար՝ 7 կամ 8։ Թաղի ընկերներուս խաղերէն տարբեր տեսակի խաղերու մասին կը մտածէի։ Մոռցած գնդիկն ու հոլը, աչխփուքն ու թռուցիկ թռցնելը, ուրկէ՜ ուր մտածեցի կշիռք մը շինելու մասին։ Շատ փորձեցի։ Ամէն անգամ մէկ նժարը միւսէն ծանր կու գար, իսկ մայրս տեսնելով «չարչարուիլս»՝ իր անուշ ժպիտով ըսաւ. «Տղա՛ս, աւելի լաւ է Յակոբ քեռիին քով երթաս եւ խնդրես, որ քեզի ոսկիէ կշիռք մը շինէ»։
Էշրեֆիէ կը բնակէինք, 12 ընտանիքներէ բաղկացած թաղամասի մը մէջ։ Բոլորը՝ հայ։ Կարծես մէկ ընտանիք ըլլայինք։ Յակոբ քեռին ո՛չ քեռիս էր, ո՛չ ալ ազգական։ Տարիքը առած ոսկերիչ մըն էր, որ տունէն կ՛աշխատէր եւ թաղեցիներուն «Յակոբ քեռի»ն էր։ Հաւատալով մօրս կատակին՝ վազեցի իր մօտ, ապսպրելու ոսկիէ կշիռքս։ Նախ՝ ապշած երեսս նայեցաւ, ապա, վստահաբար հասկնալով մօրս կատակը՝ խոստացաւ մէկ շաբաթէն յանձնել ապսպրանքս։
Ուրախութիւնս անսահման էր։ Անմիջապէս վազեցի եւ «ուրախ լուրը» հաղորդեցի ընկերներուս՝ շատերուն զարմանքին, ուրիշներու նախանձին արժանանալով։
Շաբաթները իրարու յաջորդեցին, սակայն կշիռքէս լուր չկար։ Գրեթէ ամէն օր քովը կ՛երթայի եւ ամչնալով կը յիշեցնէի՝ քաջ գիտնալով, որ ամէն անգամ նոյն պատասխանը պիտի ստանամ։ «Քու կշիռքիդ վրայ գիշերները կ՛աշխատիմ», իսկ ես երեւակայութեանս ուժ տալով՝ «տեղեկագիրը» անմիջապէս կը փոխանցէի ընկերներուս։ «Ես տեսայ, միայն կոթը մնաց» եւ այլն, իսկ իրենք կը մրթմրթային՝ «Երանի քեզի», եւ ինձմէ աւելի անհամբեր էին։
Ամիսէ մը վերջացաւ կշիռքս։ Խաղով տարուած՝ այդ օր մոռցեր էի հանդիպիլ Յակոբ քեռիին, երբ ընկերներէս մէկը լուր տուաւ, որ ան զիս կ՛ուզէ։ Լուրը ստանալս եւ քովը հասնիլս վայրկեաններու հարց էր։ Շնչասպառ ներս մտայ եւ ոսկիէ կշիռքի փոխարէն՝ ի՞նչ տեսնեմ։ Երկու թիթեղեայ տուփի կափարիչներով, դեղին դերձանով եւ դեղին ներկուած տախտակէ կոթով կշիռք մը։ Կարծես վրաս պաղ ջուր մը թափեցին։ Նախ՝ մտածեցի հոն ձգել եւ վերադառնալ, բայց մտածելով, որ Յակոբ քեռին կրնար վիրաւորուիլ՝ առի կշիռքը, շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ գլուխս կախ՝ դուրս ելայ։ Ճամբան հազիւ կը զսպէի արցունքներս։ Ի՞նչ պիտի ըսէի ընկերներուս, որոնք ինձմէ աւելի անհամբեր էին։
Հակառակ անոր, որ կշիռքը վարպետ ոսկերիչի մը ձեռքով շինուած էր, դարձեալ մէկ նժարը միւսէն ծանր էր։
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Նշան Փալանճեան Ճեմարանի
«Կանթեղ» պարբերաթերթ
Պէյրութ, 1962