
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն վառ օրինակ է, թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները շատ յաճախ սխալ կը գնահատեն արտաքին ճգնաժամերը՝ հաւատալով, որ որեւէ երկրի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու լաւագոյն միջոցը Միացեալ Նահանգներու կողմէ զանգուածային ռմբակոծութիւնն ու ներխուժումն է:
Արիզոնա նահանգի ծերակուտականը խստօրէն կը քննադատէ նախագահ Օպամայի՝ «ապստամբները զինելու ռազմավարութիւնը», կոչ ուղղելով՝ ամերիկեան առաւել ուղղակի ռազմական միջամտութիւն կատարելու Սուրիոյ մէջ: Կը թուի, թէ ծերակուտական ՄըքՔէյն չի հասկնար, որ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը կը յանգեցնէ աւելի մեծ մարդկային կորուստներու եւ աւերներու՝ Սուրիան վերածելով միջազգային ահաբեկչութեան գլխաւոր կեդրոնի: Տասնեակ երկիրներէ Սուրիա տարուած աւելի քան 30 հազար իսլամական ժիհատականներ կը կռուին Սուրիոյ կառավարութեան եւ իրարու դէմ, ոչ անշուշտ, Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու համար:
Ըստ էութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահական նախ-կին հանրապետական թեկնածուն այնքան տարուած է պատերազմի շեփոր հնչեցնելով, որ ինչպէս կը հաղորդուի, շատ անպարկեշտ եւ անարգալից կեցուածք դրսեւորած է Սուրիոյ քրիստոնեայ բարձրաստիճան առաջնորդներու խումբին հետ հանդիպման ընթացքին՝ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք կողմնակից չեն բռնի իշխանափոխութեան: Եկեղեցական պատուիրակութիւնը նախորդ ամիս ժամանած էր Ուաշինկթըն, ձգտելով սուրիական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ պաշտպանութեան շուրջ երկու միլիոն քրիստոնեաներու, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան տասը տոկոսը:
Միացեալ Նահանգներ ժամանած եկեղեցական առաջնորդներու շարքին էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը եւ Սուրիոյ երիցական, աւետարանական, սուրիական ուղղափառ եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի անդամներու, արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներու, ամերիկեան ոչ կառավարական հասարակական կազմակերպութիւններու, դասախօսներու, կրօնական առաջնորդներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ըստ «Judicial Watch» կազմակերպութեան ներկայացման՝ Սուրիոյ հոգեւորականները գոհ էին Ուաշինկթըն կատարած իրենց այցելութենէն՝ բացառութեամբ ՄըքՔէյնի հետ ունեցած տհաճ հանդիպումէն.
«Ամէն գնով ձգտելով զինել Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը, հակառակ այն լուրջ ապացոյցներուն, թէ զանոնք կը ղեկավարեն իսլամական ահաբեկիչները, Ճան ՄըքՔէյն դրսեւորեց Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականի անվայել կեցուածք՝ վերջերս Քոնկրես այցելած Սուրիոյ քրիստոնեայ առաջնորդներուն հետ հանդիպման ընթացքին Արիզոնա նահանգի հանրապետական ծերակուտական ՄըքՔէյն ակնյայտօրէն չ՛ուզեր ժխտական պատմութիւններ լսել Սուրիոյ ապստամբներուն մասին, որոնց զինելու ուղղութեամբ կ՛աշխատի ինք: Այսպէս, ան փոթորկոտ կերպով դուրս ելաւ Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ նախորդ շաբաթ կայացած դռնփակ հանդիպումէն: Ըստ հանդիպման ներկայ բարձրաստիճան աղբիւրի մը՝ ՄըքՔէյն գոռալով ներխուժեց յանձնաժողովի սենեակ եւ արագօրէն դուրս եկաւ: «Ան չափազանց կոշտ էր», յայտնած է աղբիւրը «Judicial Watch»ին Ամօթալի պոռթկումէն ետք, ՄըքՔէյն վերադարձաւ սենեակ եւ կարճ ժամանակով նստաւ, սակայն խուսափեցաւ մասնակիցներու հայեացքներուն հանդիպելէն, փոխարէնը անտեսելով զանոնք՝ նայեցաւ պատահականօրէն հոն գտնուող փաստաթուղթերուն»:
Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին Սուրիոյ քրիստոնեայ առաջնորդները Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն յայտնած են իրենց երկրին մէջ ծաւալած զանգուածային մարդկային ողբերգութեան եւ քրիստոնէական համայնքներու անյուսալի վիճակին մասին. քրիստոնեայ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, մայրապետներու եւ անհատ հաւատացեալներու առեւանգումներ, քրիստոնէական գիւղերու վրայ յարձակումներ, եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու սրբապղծում եւ ծայրայեղական զինուած իսլամականներու կողմէ կրօնական ազատութեան ոտնահարումներ:
Նկատի առնելով արիւնահեղութեան հրահրումը Սուրիոյ մէջ, եկեղեցական առաջնորդները խնդրած են Միացեալ Նահանգներէն.
– Դադրեցնել ռազմական եւ ֆինանսական ամէն տեսակի օժանդակութիւն՝ զինուած իսլամականներուն.
– Պահանջել Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներէն՝ Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ Թուրքիայէն, չաջակցիլ ահաբեկիչներուն.
– Խնդրել հակամարտութեան բոլոր կողմերէն՝ դադրեցնել բռնութիւնները, որոնց շարքին՝ ռմբակոծումները եւ ահաբեկչութիւնը.
– Հակամարտութիւնը լուծել երկխօսութեան միջոցով, ոչ թէ ռազմական ձեւերով.
– Ապահովել Սուրիոյ ժողովուրդին անվտանգութիւնը.
– Պաշտպանել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները.
– Պահպանել եկեղեցիները եւ մզկիթները.
– Պահպանել կրօնական, պատմական եւ մշակութային յուշարձանները.
– Աջակցիլ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան բաշխումին։
Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմնի (ՍՇՕՎՄ) կայքը՝ www.syriashdab.com, կը տեղեկացնէ, որ 2013 թուականի Սեպտեմբեր 30ի դրութեամբ, պատերազմը լուրջ վնաս հասցուցած է հայկական համայնքին. գործողութիւններու ընթացքին սպաննուած է 64, եւ վիրաւորուած է 172 խաղաղ բնակիչ, առեւանգուած է 110 մարդ եւ զոհուած 15 զինուոր: Բացի ատկէ, վնասուած են հայկական տարբեր կառոյցներ. եօթը առաքելական եւ երեք կաթողիկէ եկեղեցի, տասներեք դպրոց եւ տասը համայնքային կեդրոն: Սուրիահայ 65 հազար հաշուող համայնքին գրեթէ կէսը փախած է Հայաստան, Լիբանան եւ այլուր:
Սուրիոյ հայկական ինը գլխաւոր ընկերային, կրօնական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններէն կազմուած ՍՇՕՎՄը կը հաղորդէ, որ մինչեւ նախորդ տարուան Սեպտեմբերի վերջը ստացած է 1.7 միլիոն տոլար՝ արտասահմանեան հայկական կառոյցներէն: Թէեւ ասիկա փոքր մասն է անհրաժեշտ գումարին, սակայն ՍՇՕՎՄը կրցած է ատով սնունդ, ապաստան, անվտանգութիւն, բժշկական եւ կրթական աջակցութիւն ապահովել սուրիահայերուն, ներառեալ՝ 500 հազար տոլար ուսման թոշակ՝ 38 դպրոցներ յաճախող 6436 աշակերտներու համար:
Լաւ կ՛ըլլայ, որ ծերակուտական ՄըքՔէյն եւ Միացեալ Նահանգներու այլ ժպիրհ պաշտօնեաներ անսան Միացեալ Նահանգներ ժամանած Սուրիոյ քրիստոնեայ առաջնորդներուն իմաստուն խորհուրդին: Աւելի մեծ քանակութեամբ զէնքի առաքումը Սուրիա միայն կը սրէ պայքարը՝ յանգեցնելով անվերջ արիւնահեղութեան:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը