
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 25 Փետրուարին Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ ունեցած է խորհրդակցութիւն հանդիպում մը՝ նուիրուած Հայաստանի կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ ծրագիրներուն: Քննարկման մասնակցած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեանը, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) ղեկավար կազմը, Պոլոնիայի գործընթացի հետամուտ խումբի (ԲԳՀԽ) քարտուղարութեան ներկայացուցիչները:
ՀԱՀ պատմութեան, կրթական, գիտահետազօտական ծրագիրներու եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին համառօտ զեկուցում ներկայացուցած է համալսարանի փոխնախագահ Աշոտ Ղազարեանը: Ան տեղեկացուցած է, որ 2013ի Սեպտեմբերէն համալսարանը նաեւ հաստատած է եւ կը գործադրէ պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան աստիճան շնորհող ծրագիրներ: Պատասխանելով վարչապետը հետաքրքրող հարցումներուն՝ Ա. Ղազարեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ուսուցման մեթոտիքայի, պսակաւոր գիտութեան եւ մագիստրոսի որակաւորման աստիճան շնորհող ծրագիրներուն, սուրիահայ ուսանողներուն կարգավիճակին, ինչպէս նաեւ շրջաններուն մէջ իրականացուող շարունակական կրթութեան ծրագիրներուն վերաբերեալ:
Այնուհետեւ ԲԳՀԽ քարտուղարութեան ղեկավար Գայիանէ Յարութիւնեան ներկայացուցած է 2012ին Պուքրէշի մէջ Պոլոնիայի քարտուղարութիւնը Հայաստանին յանձնելէն մինչ օրս կատարուած աշխատանքները: «Մասնաւորապէս, իրականացուել են քայլեր՝ ԲԳՀԽ կառոյցների միջեւ մշտական հաղորդակցութիւնն ապահովելու եւ ըստ համանախագահների պահանջի պատշաճ տեղեկատուութիւն տարածելու նպատակով, կազմակերպուել են սեմինարներ եւ քննարկումներ, լրամշակուել ու թարմացուել է Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածաշրջանի (ԵԲԿՏ) կայքը՝ www.ehea.info: Որպէս եզրափակիչ միջոցառումներ՝ 2015 թ. Մայիսին Երեւանում կը կայանան Բոլոնիայի նախարարական գագաթաժողովը եւ չորրորդ քաղաքական ֆորումը: Նախատեսւում է, որ այս նպատակով Հայաստան կը ժամանի շուրջ 100 երկրի պատուիրակութիւն», յայտ-նած է Յարութիւնեան:
Խորհրդակցութեան աւարտէն ետք կառավարութեան ղեկավարը շրջագայած է համալսարանին մէջ, այցելած է թանգարան եւ լսարաններ, ինչպէս նաեւ զրուցած ուսանողներուն հետ: