
ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին անջատողականութեան վտանգէն զգուշացուց, մինչ Չորեքշաբթի, Փետրուար 26ին, Խրիմի մէջ բախումներ տեղի ունեցան ռուսամէտ եւ Քիեւի իշխանութեանց համակիր ցուցարարներու միջեւ:
Թուրչինով ըսաւ, որ իրաւապահ մարմիններուն հետ պիտի քննարկէ մեծաթիւ ռուսերով բնակուած շրջաններու մէջ անջատողականութեան վտանգը՝ աւելցնելով, որ անջատողականութիւնը «լուրջ վտանգ» մըն է: Ան, աւելի կանուխ, յետաձգած էր ազգային համերաշխութեան կառավարութեան կազմութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի, եւրասիական համարկման եւ համերկրացիներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտարարած է, որ Ռուսիա կ՛ուզէ պահպանել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն Ռուսիոյ միանալու մասին Խրիմի որոշումին պարագային՝ պատրաստ է այդ որոշումը քննարկելու: Նշենք, որ Ռուսիա Խրիմի մէջ կը պահէ ծովուժի խարիսխ մը:
Նաեւ, Ուքրանիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի օր վաւերացուցած է Քիեւէն հեռացած նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչը՝ իր գործած «լուրջ ոճիրներուն» համար Միջազգային քրէական դատարանին առջեւ դատելու որոշում մը: