
ԱԹԷՆՔ.- Փետրուար 20-21ին, երկօրեայ խորհրդաժողով մը տեղի կ՛ունենար Թեսաղոնիկէի մէջ, նուիրուած՝ հայերու ջարդարար Ապտիւլ Համիտին: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Թրքական պատմագիտական ընկերութեան կողմէ, որ փորձեց, բայց չյաջողեցաւ որեւէ յունական գիտական միութեան համակազմակերպումը ապահովել:
Ամիսներէ ի վեր կը կատարուէր Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան համալսարանի համագործակցութիւնը ապահովելու փորձը, բայց ապարդիւն անցան փորձերը, եւ վերջապէս Արիստոտէլեան համալսարանի պատմագիտութեան եւ հնաբանութեան ճիւղը, յատուկ նիստէ մը ետք, յայտարարեց, թէ լրիւ ձեռնպահ կը մնայ նման տխրահռչակ ու ազգայնական ընկերութեան մը հետ համագործակցելէ:
Մասնակիցները բոլորը թուրքեր էին, բացի մէկ յոյն ճարտարապետէ: Գայթակղեցուցիչ այս խորհրդաժողովի կազմակերպման դէմ իր բողոքը յայտնելու համար ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը Կեդրոնական Մակեդոնիոյ մարզպետ Ափոսթոլոս Ծիծիգոսթասին դիմեց, խնդրելով անկէ հանդիպում մը, որ անմիջապէս ընդառաջուեցաւ:
Հինգշաբթի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի մարզպետարանին մէջ կայացաւ հանդիպումը, ուր ներկայ եղան Կիւլա Գասապեան, Պետրոս Հալաճեան եւ Կարօ Նատեան: Պատուիրակութեան անդամները ջերմ ընդունելութեան արժանացան մարզպետ Ծիծիգոսթասի կողմէ: Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները պարզեցին հայութեան հակադրութիւնը ջարդարար Ապտիւլ Համիտի փառաբանութեան նու-իրուած խորհրդաժողովի կազմակերպման գծով: Մարզպետը հասկացողութիւն ցոյց տուաւ հարցին կապակցութեամբ:
Քննուեցան յաւելեալ հարցեր եւս, յատկապէս Ապրիլ 24ի ոգեկոչման ձեռնարկներու յայտագիրի գործադրումը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրէն ներս նախատեսուող ծրագիրը եւ այլ հարցեր: