ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հնդկաստանի առաջատար «India TV» պատկերասփիւռի կայանը յատուկ տեղեկագրութիւն պատրաստած է՝ նուիրուած Բագրատունիներու մայ-րաքաղաք Անիին:
«Անի. Հազար Ու Մէկ Եկեղեցիներու Ուրուական Քաղաք» խորագիրով տեղեկագրութեան մէջ ներկայացուած է Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաք Անիի պատմութիւնը, քաղաքի ծաղկման եւ անկման ժամանակաշրջանները: Պատմական Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաքներէն մէկը՝ Անին, ներկայիս Հայաստանի սահմանակից Թուրքիոյ Կարս նահանգին մէջ կը գտնուի: Քաղաքը ունէր աշխարհագրական եւ ռազմավարական յարմար դիրք, որով արեւելքէն պաշտպանուած էր Արխուրեան գետով, իսկ արեւմուտքէն Ծաղկահովիտ կոչուող հովիտով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.