ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Ֆրանսական բարձրագոյն կրթութիւնը միջազգային մակարդակի վրայ առաջնակարգ է, իսկ համալսարաններուն մէջ ներգրաւուած օտար ուսանողներուն թիւով Ֆրանսան երրորդն է աշխարհի մէջ։ Աշխարհի տարբեր անկիւններէ շուրջ 300 հազար ուսանողներ իրենց ուսումը կը ստանան ֆրանսական համալսարաններուն եւ բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ։ Ներկայիս Հայաստան եւս այս առիթը ունի՝ Ֆրանսայի դեսպանատան միջոցով։
«Ֆրանսական կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնները մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն հայ երիտասարդներուն մօտ: Ֆրանսան՝ հայ ուսանողներու քանակով, Եւրոպական Միութեան առաջին երկիրն է: 2011-2012 թուականներուն ֆրանսական բարձրագոյն տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ արձանագրուած են շուրջ 1000 հայ ուսանողներ», յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօն։
Անոր համաձայն՝ Ֆրանսայի մէջ իրենց ուսումը շարունակած հայ երիտասարդներուն մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները դրական են ու գոհացուցիչ. հոն ուսումը շարունակած երիտասարդներուն շուրջ երեք քառորդը Հայաստանի մէջ արդէն ստանձնած են համապատասխան պաշտօններ, իսկ 35 տոկոսին ալ իրենց ոլորտներուն մէջ վերամասնագիտանալու կարելիութիւն տրուած է։ Դեսպանը խորհուրդ տուած է օգտուիլ նման կրթօճախներու ուսումնառութենէն՝ դիտել տալով, որ ատիկա նաեւ նիւթական իմաստով մատչելի է։ Արդարեւ պսակաւոր արուեստից կամ գիտութեան տարեկան անդամավճարը Ֆրանսայի մէջ չի գերազանցեր 183 եուրոն, իսկ մագիստրոսական աստիճանի համար կրթութիւնը տարեկան կ՛արժէ 388 եուրօ:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան մշակոյթի եւ համագործակցութեան հարցերով խորհրդական Ժան Միշել Գասպարեանի խօսքով՝ Ֆրանսայի մէջ, ի տարբերութիւն այլ երկիրներու, ուսումնառութեան մեկնարկային հանգրուանին ֆրանսերէնի իմացութիւնը պարտադիր պայման չի նկատուիր: Սակայն ծրագիրով հետաքրքրուողներուն խորհուրդ տուած է ֆրանսերէնին ծանօթանալ Հայաստանի մէջ, նաեւ տեղեկացնելով, որ Ֆրանսայի մէջ կրթական շուրջ 700 ծրագիրներ կը ներկայացուին անգլերէնով: Անոնք են՝ կառավարման, զբօսաշրջութեան, երկրաչափական, տնտեսագիտական, ուսողութեան եւ բնագիտութեան ոլորտներուն վերաբերող կրթական ծրագիրները:
«Այս ծրագրերը բացի բուն մասնագիտական գործընթացից ուղեկցւում է նաեւ ֆրանսերէնի դասընթացներով, որը հնարաւորութիւն է ընձեռում առարկաների մի մասը յանձնել ֆրանսերէնով, որպէսզի յետագայում երիտասարդները չհանդիպեն խոչընդոտների: Իսկ տեղափոխման հարցում եւս հաւաստիացնում եմ, որ խնդիրներ չեն լինի: Անցեալ տարի անթերի դիմում ներկայացնողներից 10ից 8ի վիզա ստանալու հայցը բաւարարուել է», յայտնած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.