ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Անգարայի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Մըրտատ յայտնեց, որ դեսպանատունը չ՛ուզեր նշել թիւը անցեալ ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ կռիւներուն մասնակցելու նպատակով այդ երկիրը մուտք գործած սէուտցի քաղաքացիներուն՝ աւելցնելով, որ «դեսպանատան միակ գործը ծառայելն է իրեն հետ կապ հաստատած քաղաքացիներուն եւ անոնց օգնել, որպէսզի վերադառնան»:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը զգուշացուց. «Թուրքիոյ մէջ գործող խմբաւորումներ կը ջանան սէուտցի երիտասարդներ մոլորեցնել»:
Ան Սուրիոյ մէջ գտնուող սէուտցի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց օգտուելու շուրջ երկու շաբաթ առաջ հրապարակուած թագաւորական հրամանագիրի առիթէն՝ նշելով. «Դեսպանատան անձնակազմը տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի սէուտցի երիտասարդներուն վերադարձը ապահովելու համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.