ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստան համահայկական հիմնադրամը՝ Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ֆինանսաւորմամբ, Արագածոտնի մարզի Սասունիկ գիւղին մէջ մանկապարտէզ կը կառուցէ: Ծրագիրի նիւթականին մէկ մասը կը հոգայ Սասունիկի գիւղապետարանը:
Երկյարկանի մանկապարտէզը իր երդիքին տակ կրնայ ընդունիլ մինչեւ 90 երեխայ: Ընթացքի մէջ են արդէն հիմերու փորման աշխատանքները:
Գիւղի նախկին մանկապարտէզը 1998էն ի վեր չի գործեր: «Քչերը կարող են իրենց թոյլ տալ երեխային ամէն օր Աշտարակ տանել-բերել, դեռ մի բան էլ աւելի բարձր վարձավճարով», մտահոգութիւն յայտնած է գիւղի ղեկավար Արման Մարգարեանը: Շրջանի խնդիրներուն մասին խօսելով՝ գիւղապետը կարեւոր նկատած է նաեւ ոռոգման ջուրի համակարգի հաստատումն ու գիւղամիջեան ճամբաներու վերանորոգութիւնը: Որպէս ձեռքբերում՝ գիւղապետը յիշած է, որ տարեսկիզբէն գիւղին մէջ կնքուած է 23 ամուսնութիւն:
Սասունիկ շրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ Պաքուի գաղթականներով վերաբնակեցուած Կարին գիւղը: Համայնքի շուրջ 4000 բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղին խաղողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Աւելի քան 100 մարդ կ՛աշխատի Սասունիկի «Արմինիա ուայն» գինիի գործարանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ վերջին տարիներուն Բրիտանիոյ մարմինին նուիրատուութիւններուն շնորհիւ նորոգուած է «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի ծննդատան բաժինը, Կապանի բժշկական կեդրոնի մանկական բաժանմունքը, Շէնգաւիթի գիշերօթիկ մանկապարտէզը։ Բրիտանահայ համայնքի շարունակական աջակցութեան շնորհիւ Հայաստանի շուրջ երկու տասնեակ սահմանամերձ դպրոցներ ստացած են դպրոցական գոյք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.