ՀՄԸՄի ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 13ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնը եւ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւն: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեան: Հիւրաբար ներկայ էր Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան: Արարողութեան մասնակից եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան եւ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, ինչպէս նաեւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, Խորէն քհնյ. Պապօշեան եւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ փոխատենապետ Ճորճ Չորպաճեան:
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներն ու սկաուտական կազմերու խմբապետները մասնակից եղան օրուան տօնախմբութեան:
Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն հետեւեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար պահը, երբ առաջնորդը թափօրով հաւատացեալներու խուռներամ շարքերէն անցաւ՝ յատկապէս օրհնելով մանուկներն ու երեխաները: Օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Սուրէն արք. Գաթարոյեան, որ հաւատացեալներուն փոխանցեց Տեառնընդառաջի պատգամը՝ բնաբան ունենալով Սիմէոն ծերունիի աղաչանքը. «Արդ արձակեա զծառայս քո, Տէր, ըստ բանի քում ի խաղաղութիւն, զի տեսին աչք իմ զփրկութիւն քո»: Քարոզիչ սրբազանը «լոյս» Քրիստոսը փառաբանելով՝ անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի խորհուրդին եւ անոր կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Տէր Յիւսուս տաճար կու գար ընծայուելու, որպէս յաւիտենական լոյս՝ հոգիները լուսաւորելու, եւ որպէս Քրիստոս՝ մեղաւորներուս դիմաց լոյսի ճանապարհ մը բանալու»:
Քարոզի աւարտին, առաջնորդին նախագահութեամբ կատարուեցաւ Անդաստան ու օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը: Ապա «Քրիստոս Փառաց» տաղի երգեցողութեամբ, առաջնորդին կողմէ խորանէն բերուեցաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը, որմէ ներկայ հաւատացեալները իրենց մոմերն ու կանթեղները վառեցին՝ Քրիստոսի անմար լոյսը իրենց բնակարանները տանելու համար: Տաղի երգեցողութեան ընթացքին, երիտասարդ մայրեր, Տիրոջ տաճար ընծայման օրինակին հետեւելով՝ իրենց մանուկները բերին, որպէսզի Ս. սեղանին ընծայուին եւ Տիրոջ օրհնութիւնները ստանան:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, առաջնորդին առաջնորդութեամբ եւ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն, որմէ ետք սարկաւագները, դպիրներն ու հաւատացեալները ազգային եւ հայրենասիրական երգերու խանդավառ մթնոլորտով խարոյկին շուրջ դարձան՝ միշտ ի մտի ունենալով Քրիստոսի յաւիտենական լոյսը. երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, եկեղեցական արարողութեան եւ հրավառութեան աւարտին, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ, ներկայ հոգեւորականաց դասը, Ազգային վարչութեան ներկայ անդամները եւ սկաուտական կազմը «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան եւ մտերմիկ երեկոյ ունեցան:
Ընթրիքի ընթացքին, ՀՄԸՄականներ առաջնորդին յանձնեցին ձեռագործ յուշանուէր մը՝ ի նշան երախտագիտութեան: Այս առիթով սրբազան հայրը բոլոր ներկաներուն աղօթքներ բաժնեց:
Ընթրիքի մտերմիկ պահուն, խօսք առին ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ շրջաններու խմբապետական կազմերու ներկայացուցիչներ:
Երեկոն իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր գնահատանքի խօսքով եւ օրհնութեամբ, որուն ընթացքին առաջնորդը իր գոհունակութիւնը յայտնեց աւանդական եւ մտերմիկ համախմբումին համար: Ապա «Պահպանի»չով սրբազանը օրհնեց ներկաները ու «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եզրափակուեցաւ երեկոն: