Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Գործադիր Մարմինը պատշաճ եւ գործնական լաւագոյն առիթ մը նկատեց գաղութս այցելող Սուրիոյ Դամասկոս քաղաքի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի եւ Հալէպ քաղաքէն բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանի ներկայութիւնը գաղութէս ներս՝ ծրագրելու եւ հրաւիրելու սուրիահայութեան ճգնաժամային առօրեայով մտահոգ մեր հայրենակիցները զեկուցական ժողովրդային հաւաքի մը, որ կայացաւ Փետրուար 10, 2014ի երեկոյեան, Արեւմտեան թեմի Հայց. եկեղեցւոյ առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտ. թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Հայ աւետարանական համայնքի վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի, Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ կարգ մը քաղաքական եւ ազգային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու:
Երեկոն խորհրդաւոր թափով սկսաւ յոտնկայս «Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութեամբ. Սուրիահայ գաղութի ֆիզիքական եւ հոգեբարոյական սրտաճմլիկ տեսարանները, ներկաներու երեւակայութեան աշխարհը անգամ մը եւս Հայ ժողովուրդի ցաւոտ անցեալի էջերով խորասուզեցին ու լարուած պահեցին մինչ աւարտը:
Գործադիր մարմինի ՀՕՄի ներկայացուցիչ Սոնա Մատարեան, ըստ պատշաճի բարի գալուստի խօսքէ ետք՝ հանդիսաւոր ձեւով անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի «Դէպի Երկիր» նշանաբանին, որ այսօր անգամ մը եւս կը յորդորէ մեզ օժանդակութեան ձեռք երկարելու Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Սփիւռքի Մայր գաղութի ամէնօրեայ գոյապայքարին մէջ խարխափող Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:
Ս. Մատարեան, «Հալէպ Առաջին Կայարան»՝ Զաւէն Խանճեանի յուշագրութենէն հետեւեալ մէջբերումը ըրաւ. «Սփիւռքի մէջ տարածուած զանազան հայրենակցական միութիւններ կան… Փառք անոնց բոլորի գոյութեան… սակայն չկայ Սուրիահայ կամ Հալէպահայ հայրենակցական միութիւն… ինչո՞ւ. որովհետեւ ԱՆ ԱՆԱԾԱԿԱՆ հայն է, բոլորին համար նուիրուած ու տրամադրուած …»:
Ապա հակիրճ կենսագրական ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց Հալէպէն ժամանած օրուան բանախօս բժիշկ Գրիգոր Ատանալեանը: Բանախօսը իր հաղորդական փաստարկումներով ու քաղաքական տրամաբանական վերլուծումներով ներկայացուց Սուրիոյ ժողովուրդին ապրած քաոսային ծանրակշիռ ընկերային ու տնտեսական պայմանները, որոնք նոյն ատեն ոչ միայն մտահոգեցին, այլ փորփրեցին ներկաներու երեւակայութեան մտապատկերը, ի խնդիր մեր հայրենակիցներու տակաւ անորոշ ու մտահոգիչ գալիքին… Ան գնահատեց Սփիւռքի այլ տարածքներէն հասնող նիւթաբարոյական նուազագոյն օժանդակութիւնն իսկ, որ արդար ու ազնիւ փոխհատուցումն է սուրիահայութեան դարաւոր ու յարատեւ նուիրումին՝ իր ազգին ու հայրենիքին:
Երեկոյի պատուոյ հիւրի՝ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, կենսագրութիւնն ու հոգեւորական ծառայութեան գործունէութեան դաշտը ներկայացնելէ ետք, հաղորդավարուհին հրաւիրեց սրբազան հայրը, որ իր հոգեւոր հովիւի անմիջական կապերու տեղեկատուութեամբ եւ ներգործութեամբ իր հօտի կենցաղային եւ հոգեբարոյական ամէնօրեայ դժուարին պայմաններուն ու մարդկային եւ նիւթական վնասներուն անդրադառնալով՝ անգամ մը եւս ներկաներուն մտահորիզոնը կեդրոնացուց շօշափելի վտանգաւոր կացութեան ու անորոշութեան վրայ: Ան մանրամասն բաժանումներով՝ ընկերային, կրթական, տնտեսական ու կառուցողական, առկայ պայմաններուն անդրադառնալով՝ առիթ տուաւ ներկաներու հարցադրումներուն, որոնց սպառիչ ու հարազատ մանրամասնութիւններով պատասխանեց ու շեշտեց նաեւ Սփիւռքի շրջաններէն հասնող օժանդակութիւններու արդար օգտագործումն ու բաժանումը Սուրիոյ Միացեալ շտապ մարմինին կողմէ, ըստ շրջաններու առաջնահերթ կարիքներուն:
Արմաշ սրբազան յայտնեց նաեւ սուրիահայութեան երախտագիտութիւնը՝ հանդէպ հոգատար ու նուիրատու շրջաններուն ու հայրենակիցներուն, որոնք յոյսի ու լոյսի նշոյլը կը փոխանցեն Սուրիահայ գաղութի իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Ապա խօսք առաւ նաեւ Զաւէն Խանճեանը՝ Սուրիահայութեան Միացեալ Մարմինի ատենապետը (խօսքը կցուած), որ իր կարգին շեշտեց եւ յուսադրեց գործադիր մարմինի քարոզչական ու նիւթական օժանդակութեան աշխատանքները շարունակումը, մինչեւ որ Սուրիոյ մեր հայրենակիցները վերագտնեն իրենց անցեալի խաղաղութիւնն ու կայուն առօրեան:
Հանդիսավարուհին, Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի կոչերէն մէջբերում մը կատարելով՝ ըսաւ. «Սուրիահայութեան հիմնախնդիրը համահայկական առաջնահերթ մտահոգութիւն է… Միացէ՛ք ու միակամ ոգիով օժանդակեցէ՛ք ու մնացէ՛ք սուրիահայութեան կողքին»: Ապա իր սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցելու հրաւիրեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը:
Սրբազան հայրը շեշտեց սուրիահայ մայր գաղութի պատմական ու գոյութեան արժէքը եւ գնահատեց մեր ժողովուրդի աչալրջութիւնը, ի տես սուրիահայոց օժանդակութեան՝ ըսելով. «Թոյլ առ թոյլ ջրակրողի մեր ներդրումը կրնայ ծով մը բարիք յառաջացնել մեր հայրենակիցներու առօրեայ կեանքի բարեփոխման ու ապահովութեան ի նպաստ…»:
Հանդիսավարուհին, «ՍԱՐՖ»ի անունով շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց Յովնան սրբազանին, երեկոյին նպաստող պայմաններ տրամադրելուն համար. ապա բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրը՝ սոյն երեկոյի իր խօսքն ու պատգամը փոխանցելու. Յովնան սրբազան յորդորեց ներկաները անձանձրոյթ թափով շարունակել մեր առաքելութիւնը, ի խնդիր սուրիահայ մեր մայր գաղութի կարիքները հոգալու՝ մեկնելով մեր ազգային գիտակից պարտաւորութենէն: Ճգնաժամը մեզ առաւել եւս պէտք է միացնէ ու միակամ ուժերով առաջնորդէ դէպի սպասուած խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:
Սուրիահայութեան յիշատակութեան նուիրուած խորհրդաւոր այս երեկոն իր վերջաբանը կատարեց՝ ներկայ հոգեւոր դասի միասնական «Պահպանի»չով ու օրհնութեամբ: Հարկ է յիշել երեկոյի նիւթաբարոյական յուսատու յորդորը, ուր արդէն իսկ պատկառելի 30,000 տոլարէ աւելի նուիրատուութիւն գոյացաւ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պահարաններ տարուեցան՝ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով լեցնելու համար:
Փա՛ռք ու պատիւ մեր ազնիւ ու նուիրատու ոգիով տոգորուած հայրենակիցներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Զաւէն Խանճեանի խօսքը յապա-ւումով.
Կրակը Մարե՛լ Պէտք Է
Երախտագիտութեամբ եւ սրտի ճմլումով լսեցինք մեծարգոյ բանախօսներու կենդանի վկայութիւնը այն ճգնաժամին մասին, զոր հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ այսօր ընդհանրապէս, եւ սուրիահայութիւնը կ՛ապրի շուրջ երկու տարիէ ի վեր՝ յատկապէս:
Կարելի՞ է կեանք կոչել այն եղերական քաշքշուքը, որուն զոհն է սուրիահայը այսօր եւ որուն օրակարգն է ոճիրն ու քանդումը, հրասանդն ու պայթումը, տարագրութիւնն ու գաղթականութիւնը, անգործութիւնն ու հիւանդութիւնը, մահուան եւ բնաջնջումի սպառնալիքը, ընտանեկան բռնազբօսիկ երկբեղումները, ինչքի եւ կալուածի թալանն ու ահաբեկումը, աւազակութեան, առեւանգումի եւ սպանութեան մշտական վտանգը:
Վտանգը, սիրելինե՛ր, մեծ է եւ ահարկու: Առանձնացնելով մեզ՝ հայերս, այդ մեծ պատկերին մէջ, ես զայն կը նմանցնեմ հրդեհի մը, որ կը կլանէ հայ ժողովուրդի մեծ տան փոքր սենեակներէն մին: Ըսենք՝ տան շտեմարանը, որ կը մատակարարէ տան բոլոր բնակիչներուն պէտքերը: Մենք կը տեսնենք այդ հրդեհին լափող բոցերը եւ սակայն, ընդհանրապէս, զբաղած ենք խոհանոցի նորոգութեամբ, հիւրասենեակի կահաւորումով, ճաշարանի ընդլայնումով կամ ննջասենեակներու բարեզարդումով:
Կրակը, սիրելիներ, մարե՛լ պէտք է: Եւ մենք բոլորս հաւաքաբար կոչուած ենք դառնալու վարպետ հրշէջներ՝ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր միջոցներով մարելու կրակը: Այլապէս, կարելի է երեւակայել արդիւնքը: Այդ փոքր սենեակի հրդեհը տարածուելով՝ կրնայ լափել ամբողջ կառոյցը, մոխրացնելով զայն եւ անոր հետ կապուած բոլոր ազգային երազներն ու տեսիլքները:
Կրակը պէ՛տք է մարել՝ հաւաքաբար դառնալով աշխոյժ եւ կորովի հրշէջներ, որպէսզի զղջումով չկրկնենք Սիամանթոյի ափսոսանքը. «Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր ու շքեղ»…
Այս առաքելութիւնը լաւ է որ միասնական ուժերով իրականացուի:
Կիլիկեանցին՝ Կիլիկեանցիին
Կրթասիրացը՝ Կրթասիրացին
Բէթէլը՝ Բէթէլին
Եւ Մարաշցին՝ Մարաշցիին
նեղ մտայնութեամբ կարելի չէ հրդեհ մարել եւ ներդաշնակել հաւաքական հոգատարութիւնը, ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը բոլորին:
Մենք՝ SARF-ը, CNN չէ եւ չունինք:
Այս եւ նման բեմեր, մամուլն ու հեռատեսիլն են մեր կոչերու փողերը:
Յաճախ եւ այսօր, կրկին կը հրաւիրենք ձեր բոլորը, ներկաներ եւ բացականեր, ըլլալու նպատակի առաքեալները, միանալու մեզի այս սրբազան ծառայութեան դաշտին մէջ: Ձեր ներդրումը, կարծիքը, դերը եւ դրամահաւաքի աշխատանքը խիստ կարեւոր են:
Կատարե՛նք զայն միասին:
Անհատապէս եւ ոչ SARF-ի անունով, քանի մը ափսոսանքներ հարկ կը տեսնեմ բաժնել ձեզի հետ՝ հաւաքական սրբագրման կամ յաղթահարման բարի միտումով:
Ա. Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը անծանօթ չէ ձեզի, ինչպէս եւ ինծի: Ափսոսալի է, որ անոր Կեդրոնական հոգաբարձական խորհուրդը իր Մայիս ամսուն գումարած վերջին երկու տարեկան ժողովներուն ընթացքին՝ 2012 եւ 2013ին, ոչ մէկ յատկացում ըրաւ սուրիահայութեան, հակառակ պետական աւագանիի, ազգային լայն կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայ բարերարներու հաւաքական ներկայութեան: Սուրիահայութիւնը օրակարգի վրայ իսկ չէր: Այս բացթողումը անընդունելի է եւ կը կարօտի անյապաղ սրբագրման:
Բ. ՄԱԿի հովանաւորութեամբ եւ 50է աւելի երկիրներու մասնակցութեամբ, երկու շաբաթներ առաջ Զուիցերիոյ մէջ սկսաւ «Ժընեւ-2» պիտակին տակ միջազգային ժողովը՝ նուիրուած Սուրիոյ տագնապին: Այդ 50 երկիրներու շարքին է Սուրիայէն՝ տարածութեամբ եւ շահագրգռուածութեամբ անհամար մղոններ հեռու գտնուող երկիրներ, ինչպիսին են Քորէան եւ Մեքսիքան: Բացակայ է Հայաստանը, որ, ինչպէս արդարօրէն Հայաստանի նախկին արտգործոց նախարար Վարդան Ոսկանեանը յուշեց՝ ՄԱԿի անդամ միակ անկախ երկիրն է, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող փոքրամասնութիւն մը հայրենիք կ՛որակէ: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ սուրիահայութեան շահերը եւ ապահովէ անոնց անվտանգութիւնը միջազգային բեմի վրայ: Քորէան եւ Մեքսիքա՞ն, թէ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը:
Սիրելի ներկաներ եւ բացականեր, սուրիահայութեան նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը ողորմութիւն չէ՛, այլ ինքնագիտակից պարտաւորութիւն՝ ապահովելու համար անոնց գոյութեան պայքարի տարրական կարիքները: Այլ խօսքով՝ մարդկային արժանապատուութեան նուազագոյն ընդունելի չափանիշներով կեանքի ապահով ընթացք մը, մինչեւ որ անցնին այս գորշ ամպերը սուրիական երկնակամարէն:
Վտանգը մեծ է եւ գաղտնիք չէ, որ եթէ կրօնամոլ ծայրայեղական ահաբեկիչներու ձեռքով կրակ առած այս հրդեհը կլանէ Սուրիան, ապա անոր ահարկու բոցերը կը սպառնան հրդեհել նաեւ գեղատեսիլ Լիբանանը եւ զարկ տալ Հայաստանի դրացի թշնամիներու անյագ ախորժակներուն:
Կրակը մարել պէ՛տք է: Ուստի, փոխ առնելով Պարոյր Սեւակէն՝
Խնդրելու պէս կը պահանջենք
Եւ պահանջելու պէս կը խնդրենք՝ լայն բանալ ձեր հրշէջային քսակները եւ օժանդակել սուրիահայութեան:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
(Թղթակցութիւն՝ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Գործադիր Մարմին)