ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան 13րդ գիտական մրցանքին ներկայացուցած աշակերտական ուսումնասիրութեանց արժեւորումն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 23ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ:
Սոյն մրցանքին կրնան մասնակցիլ 6էն 12րդ դասարաններու հայ աշակերտներ՝ հայկական, պետական եւ սեփական վարժարաններէ:
Տարբեր բաժանմունքերու մէջ չորսական՝ առաջինէն երրորդ եւ պատուոյ յիշատակութեան, մրցանակներ պիտի յանձնուին. անոնց առընթեր պիտի շնորհուին նաեւ յաջորդաբար 500էն 50 տոլարի նիւթական նուէրներ:
Մասնակիցները պէտք է իրենց դիմումնագիրները ամբողջացնեն մինչեւ Մարտ 14: Դիմումնագիրներէն օրինակ մը ստանալու համար, այցելել www.aesa.org/Committees/ScienceOlympiad կայքէջը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը կամ դիմել (818)547-3372 թիւին ու contact@aesa.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.