
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախ պարտաւոր եմ յաւելում մը կատարել: «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի Հայագիտական բաժինի դասախօս փրոֆ. Յակոբ Կիւլլիւճեան չհրապարակուած զեկոյցի մը մէջ Քալիֆորնիոյ հայութեան թիւը գնահատած է 600,000, նոյնիսկ՝ քիչ մը աւելի: Այնքան ատեն, որ հաւաստի տուեալներ չկան, պարտաւոր ենք պատասխանատու անձերու ներկայացուցած թիւերուն հետ հաշուի նստիլ: Յամենայնդէպս, երկու թիւերն ալ (300,000 կամ 600,000) պարտաւորեցնող են այս գաղութին համար. ազգը ամբողջ, միայն մեծ ակնկալութիւններ կրնայ ունենալ անկէ:
Հայաստանէն եկածները, որոնք իրենց թիւով, նիւթական ուժով ու տաղանդով, կրնային եւ տակաւին կրնան որակապէս էական բարեփոխում կատարել գործող միութիւններու աշխատանքին մէջ, դժբախտաբար շատ քիչ բացառութեամբ, մնացած են լուսանցքի վրայ՝ հեռուէն դիտողի դեր վերցնելով, միայն մէկ-մէկ դուրս գալով հրապարակ, ցոյց տալով իրենց հզօր ներուժը, ապա ետ քաշուելով իրենց պատեաններուն մէջ:
Եթէ ուզենք ամփոփ կերպով ներկայացնել մեր գաղութի ներկայ վիճակը, ապա ենթագաղութներու խճանկար մը կը պարզուի՝ հետեւեալ պատկերով.
Լիբանանէն ու Սուրիայէն եկողները, քիչ թէ շատ անոնց գործօն մասը, համախմբուած է ազգային կառոյցներու շուրջ, անոնց ղեկավարման մէջ կարեւոր դեր ստանձնած է: Այս շրջաններէն եկողներուն մէջ ալ, անշուշտ, բաւական մեծ է անտարբերներու եւ լուսանցքի վրայ մնացողներու թիւը, որուն պատճառները կը միտինք տեսնել ամերիկեան ձուլարանի ուժին մէջ:
Իրաքահայերը մասնակից են համայնքային կառոյցներու գործունէութեան, միեւնոյն ատեն ստեղծած են իրենց սեփական շրջանակը՝ հայրենակցական միութեանց նմանութեամբ:
Նոյնն է պարագան իրանահայութեան համար, որոնք աշխոյժ մշակութային գործունէութիւն կը տանին իրենց կեդրոնէն ներս, սակայն անոնք եւս, իրաքահայերու նման, մասնակից են համագաղութային կեանքին, անդամ են ազգային գրեթէ բոլոր կառոյցներուն եւ կարեւոր ներդրում ունին համայնքի ղեկավարման գործին:
Պոլսահայերը, որոնք միշտ առանձնացած եղած են, հիմա դարձեալ առանձին գործելով հանդերձ շատ աւելի բացուած են համայնքին, եւ իրենց հսկայ ներուժը արդէն իսկ տեսանելի է բոլորին: Որոշ պոլսահայ գործիչներու ներգործօն դերակատարութիւնը շօշափելի արդիւնքներ կու տայ՝ համայնքային ընդհանուր կեանքին մէջ ներկայութիւն ապահովելով:
Հայաստանէն եկողները, որոնք իրենց նոյնիսկ կրաւորական դիրքերէն կ՛երեւին ամէն տեղ: Երիտասարդ հայեր միութեամբ, մասնագիտական միութիւններու անդամակցութեամբ, վերջերս յատկապէս արհեստակցական միութեանց ընդմէջէն, այս զանգուածը արդէն իսկ յայտ կը ներկայացնէ մասնակից ըլլալու համայնքի ղեկավարման գործին, եւ այդ ուղղութեամբ տեղաշարժը նկատելի է:
Դասական հայրենակցական միութիւնները (Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Հաճըն, Խարբերդ, եւ այլն) մերթ աշխուժացման, մերթ թուլացման եղանակներու մէջ կ՛ըլլան, բայց՝ մի՛շտ այնտեղ են:
Մեր գլխաւոր խնդիրը՝ համայնքէն ներս առկայ ահաւոր ուժականութիւնը կեանքի կոչել, այս համայնքը վերածել մէկ ու միասնական ուժի, բազուկի, հաւաքականութեան… ի՛նչ բառ որ ուզէք օգտագործեցէ՛ք, բայց՝ իւրաքանչիւրին կարողութիւնը լիարժէքօրէն յայտնաբերել ու միւսներուն միացնել:
Ինչպէ՞ս: Վաղը փորձենք պատասխանել: