ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Սիվիլնեթ», «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Փետրուար 18ին, թրքական «Փենճերէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Հայկական Ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի «Բռնաբարուած Հայաստան» (Ravished Armenia») գիրքին թրքերէն տարբերակը: Թարգմանութիւնը կատարած է Տիրան Լոքմակէօզեանը: Գիրքին մէջ Արշալոյս Մարտիկանեանը՝ իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը, կը պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը:
Յատկանշական է, որ թրքական «Թարաֆ» թերթի Փետրուար 18ի թիւի «Մշակոյթ եւ Արուեստ» բաժինին մէջ, Էօզլեմ Արթան գրած է Արշալոյս Մարտիկանեանի դժնդակ կեանքին մասին: Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ Արշալոյս Մարտիկանեան իր ընտանիքին հետ կ՛ապրէր Չմշկածագ գիւղը։ 1915ին, ան 17 տարեկան էր ու ականատես եղած է իր հօրը, մօրը եւ եղբայրներուն սպանութեան, սահմռկեցուցիչ պայմաններու տակ։ Այնուհետեւ, սկսած է անոր չարչարալից կեանքը։ Ան հարուստ քիւրտերու եւ թուրք աղաներու ձեռքը սեռային չարչարանքներու ենթարկուած է ու իսլամանալու պարտադրուած: Ի վերջոյ, օր մը ան հայ հովիւի մը օգնութեամբ յաջողած է լեռներու մէջ ապաստանիլ։ Ամիսներ շարունակ լեռներուն մէջ մնացած է: Այդ շրջանին, երբ Էրզրում քաղաքը ռուսական տիրապետութեան տակ էր, Արշալոյս Մարտիկանեան կրցած է հոն հասնիլ՝ օրեր շարունակ հետիոտն քալելով ու անցնելով Մալաթիայէն, Տիգրանակերտէն, Ուրֆայէն ու Տերսիմէն։ Հոն, ռուսերու եւ ամերիկացիներու պաշտպանութեան տակ, նախ Ռուսիա անցած է, իսկ անկէ ալ՝ Ամերիկա։
Ամերիկա հասնելէ ետք, ան հայերու դէմ ի գործ դրուած չարչարանքներուն մասին խօսած է ամերիկացիներուն եւ լուսարձակի տակ առած է իսլամացած հայերուն հարցը: Այդ նպատակով, անգլերէն չգիտնալուն պատճառով՝ թարգմանի մը միջոցաւ Հենրի Կէյցին պատմած է իր ականատեսի վկայութիւնները։ Գրագէտը դժուարութիւն ունեցած է հաւատալու իր լսածներուն, բայց այդ թուականներուն Անատոլու գտնուող Ամերիկայի եւ Անգլիոյ դեսպանները հաստատած էին Արշալոյսին խօսքերը։
Կէյց Արշալոյսի պատմածներուն հիման վրայ, 1918ին հրատարակած է «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագրեալ գիրքը։ Գիրքը այդ թուականներուն մեծ աղմուկ ստեղծած է Ամերիկայի մէջ, իսկ 1919ին՝ Օսքար Ափֆելի կողմէ ժապաւէնի նիւթ դարձած։ Ժապաւէնը կը կրէր «Ոգիներու Աճուրդը» անունը։
Յօդուածագիրը, որ այս նիւթին մասին գրած է որպէս պատասխան Այշէ Գուլինի կողմէ վերջերս հեռատեսիլէն ըսուած խօսքին, կ՛եզրափակէ իր նիւթը ըսելով. «Հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն 99 տարի անցաւ։ Այդ օրերէն վերապրող ո՛չ մէկը մնաց աշխարհի վրայ։ Բայց գործադրուած ցեղասպանութեան ստեղծած հոգեկան վիրաւորանքը սերունդներու սիրտերուն եւ յիշողութեան մէջ կը շարունակէ գոյատեւել տակաւին, աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։ Ուրեմն, այդ պատճառով է որ պէտք է կարդալ Արշալոյսի գիրքը։ Պէտք է կարդալ՝ ցաւալի անցեալի մը ուրուականները կեանքի կոչելու եւ խիղճի ձայներուն ականջ տալու համար»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.