ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրք գրող Այշէ Գուլին ներողութիւն խնդրած է թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը իր կատարած այն արտայայտութեան համար, որով վիրաւորած էր հայութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ: Արդարեւ, «Սի.Էն.Էն. Թուրք» կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին, ան ըսած էր, թէ հայերուն ջարդը կարելի չէ Ցեղասպանութիւն նկատել, այլ տեղի ունեցածը պարզապէս տեղահանութիւն էր: «Այնպէս չէր, որ հայերը ոչինչ ըրած էին, իսկ մենք անոնց ջարդեցինք, ինչպէս գերմանացիները՝ հրեաներուն», ըսած էր ան:
Այս արտայայտութեան համար Գուլին արժանացաւ խիստ քննադատութիւններու: Անոր դէմ նաեւ ձեռնարկուեցաւ ստորագրահաւաք:
Գուլին ընդունած է, որ սխալ արտայայտութիւններ հնչեցուցած է կայանէն եւ ինքզինք մեղադրած է անյարիր շարադրանքին համար:
«Նպատակս երբեք չէ եղած ըսել, թէ հայերը արժանի էին ջարդուելու: Ես նման խօսք չէի ըսեր եւ ոչ ալ կը մտածէի այդ մասին: Ինծի ճանչցողները կրնան վկայել այդ մասին», ըսած է Գուլին՝ ըստ «Ինթերնեթհապեր» լրատուական կայքին: Փորձելով պարզաբանել՝ ան նաեւ ըսած է, թէ իր նպատակը եղած էր Հիթլերի կազմակերպած ջարդերուն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ պատահածներուն միջեւ տարբերութիւն մը դնել: Ըստ անոր՝ հայերն ու թուրքերը պատերազմի մէջ էին եւ իրարու կը սպաննէին: Գուլին դարձեալ մերժած է ջարդերը Ցեղասպանութիւն անուանել, սակայն միաժամանակ շեշտած է, թէ «ամօթ ու ցաւ կ՛ապրի, որ թուրքերը մեղաւոր էին»:
«Սխալ հասկցուած նախադասութեանս համար, բոլորէ՛ն, Թուրքիա բնակող հայերէն ներողութիւն կը խնդրեմ՝ ի սրտէ», եզրափակած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.