ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Շուէտի մէջ խումբ մը թուրքեր եւ ատրպէյճանցիներ բողոքի ցոյց մը կատարած են Սթոքհոլմի արուարձաններէն մէկուն մէջ, իրենց դժգոհութիւնը յայտնելով Հայկական Ցեղասպանութեան եւ ասորիներու ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին տեղադրումը պաշտօնապէս թոյլատրելու որոշումին կապակցութեամբ:
Ըստ թրքական «Հապեր 24» լրատուական կայքին՝ թաղապետարանի շէնքին դիմաց խմբուած ցուցարարները դրօշներ եւ պաստառներ բարձրացուցած են՝ դատապարտելով սոյն որոշումը:
Ոստիկանութիւնը ապահովական միջոցառումներու դիմած է եւ ցոյցը առանց միջադէպի աւարտած է:
Բողոքի միջոցառումը նախաձեռնուած էր Շուէտի թրքական միութիւններուն կողմէ ձեւաւորուած յանձնաժողովին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.