ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 6ի առաւօտեան, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին՝ գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն ժան Գոսագեանի եւ ուսուցչուհի Սեզա Քիւրտեանի, որոնք ընդունուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Պօղոս աբղ. Թինքճեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։
«Բարի լոյս» եւ «Աստուած օգնական» մաղթանքով դիմաւորելէ ետք առաջնորդ սրբազանը, աշակերտները սրբազանին ա-ռաջնորդութեամբ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ Տէրունական աղօթքով եւ «Առաւօտ Լուսոյ» շարականով Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեցին եւ իմաստութիւն խնդրեցին։ Ապա մատրան մէջ սրբազանը բացատրութիւն տուաւ աշակերտներուն, թէ ինչպէ՛ս մատուռը «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» կոչուած է՝ ըսելով, թէ Քրիստոնեայ առաջին հայ ընտանիքը Տրդատ թագաւորի ու Աշխէն թագուհիի ընտանիքը եղած է, եւ մատուռը Հայ Ընտանիքի նուիրուած տարուան ընթացքին կառուցուած ըլլալով՝ ձօնուած է Առաջին քրիստոնեայ հայ ընտանիքին:
Ապա աշակերտները ուղղուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր տնօրէն Ժան Գոսագեան գոհունակութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ առիթին համար եւ հակիրճ ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց առաջնորդարանի եւ Կիլիկիոյ Ս. աթոռի գործունէութիւնն ու կարեւոր դերակատարութիւնը՝ յիշելով, թէ ինչպէ՛ս կարգ մը փայլուն աշակերտներ դպրոց յաճախելու կողքին կը ծառայեն նաեւ եկեղեցւոյ մէջ՝ դպրութեան կամ սարկաւագութեան պաշտօններ կրելով: Ապա ցուցադրուեցաւ 8րդ կարգի աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, որուն մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ մասնակցութիւն բերած էր արտասանութեամբ:
Առաջնորդը, ապա, աշակերտներուն բացատրեց եկեղեցական աստիճանները, իւրաքանչիւրին դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը՝ օրինակներ թուելով: Ան նաեւ առիթ ընծայեց աշակերտներուն, որպէսզի իրենց հարցումները ուղղեն: Աշակերտները հաւատքի, եկեղեցական եւ ընկերային հարցերու վերաբերեալ իրենց հարցումներուն պատասխանները ստացան հաղորդական եւ հասկնալի ոճով։ Աւարտին, երբ խօսեցաւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կարեւորութեան մասին, առաջնորդը աշակերտներուն նուիրեց առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ խորհրդանիշով յուշանուէր մը, որպէսզի զայն զետեղեն իրենց դասարանը:
Աշակերտները հոգեկան գոհունակութեամբ եւ եկեղեցական ուղղափառ գիտելիքներով լեցուած՝ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին:
Հանդիպումը աւարտեցաւ «Պահպանի»չ աղօթքով, որմէ ետք աշակերտները երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը եւ ապա ուղղուելով դէպի յուշարձան-խաչքարը՝ նկարուեցան սրբազան հօր, ներկայ եկեղեցականներուն, տնօրէնին եւ ուսուցչուհիին հետ:
Աշակերտները այնուհետեւ այցելեցին առաջնորդարանի բոլոր գրասենեակներն ու բաժանմունքները՝ տեղեկանալով անոր զանազան բաժանմունքերուն տարած աշխատանքներուն մասին:
Սրբազան հօր գրասենեակը այցելելէ ետք, դահլիճին մէջ աշակերտները նուիրեցին իրենց դպրոցի տարեգիրքը եւ ծափահարութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդին ու պաշտօնէութեան, իրենց ցուցաբերած մտերմութեան եւ հիւրընկալութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.