
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քայլարշաւի հայկական միութիւնը (Armenian Hikers Association) իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը տօնած է՝ բարձրանալով ծովու մակերեսէն 2066 ոտք բարձրութեան վրայ գտնուող Լուվենզ լեռը, որ Լոս Անճելըս քաղաքի բարձրագոյն կէտն է:
Տարի մը առաջ, Յարութ եւ Սոնա Արմէնեաններու բնակարանէն սկսած արշաւին ընթացքին էր, որ կազմուած էր այս միութիւնը, որ ծանօթ է նաեւ «AHA!» անունով: Այդ թուականէն ետք, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ արշաւներ կազմակերպուած են շրջանի լեռներուն վրայ:
Այս տարուան Յունուար 1ի առաջին ժամերուն, դէպի Հոլիվուտ լեռը քայլաշաւ մը տեղի ունեցաւ՝ տարուան առաջին լուսածագը այդտեղէն տեսնելու համար. հոն ներկայ էին նաեւ աւելի քան 200 քորէացիներու խումբ մը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Թամ ԼըՊանճը, որ լուսանկարուած է Քայլարշաւի հայկական միութեան անդամներուն հետ:
Միութիւնը Ապրիլ 24ին եւս կազմակերած էր ոգեկոչական քայլարշաւ մը, որուն մասնակիցները առիթ ունեցած էին իրենց զգացումները արտայայտելու:
Արդէն իսկ հաստատուած է Քայլարշաւի հայկական միութեան Լիբանանի մասնաճիւղը. Սան Տիէկոյի մէջ եւս պիտի կազմուի նման միութիւն մը, որուն առաջին արշաւը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Փետրուար 16ին, դէպի Սիթըն բարձունքը, առաւօտեան ժամը 7:45ին: Այս քայլարշաւին միանալու համար, Կլենտէյլէն խումբ մը ճամբայ պիտի ելլէ առաւօտեան ժամը 5:45ին, Հարվի եւ Կլենտէյլ թաղամասերու խաչմերուկէն:
Այս արշաւին ու միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.facebook.com/home.php#!/groups/521538567895715 կայքէջը: