ԵՐԵՒԱՆ.– Նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Փետրուարին այցելած է քաղաքաշինութեան նախարարութիւն, ծանօթացած է տարուող գործունէութեան, առկայ հարցերուն։ Աշխատակիցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան պատասխանած է հանրապետութեան ընկերային–տնտեսական խնդիրներուն, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող աշխատակիցներուն հարցումներուն։ Նախագահը՝ անդրադառնալով ժողովուրդը մտահոգող այն երեւոյթին, որ Մաքսային միութեան միացումը արդեօք գնաճ պիտի պատճառէ՞՝ ըսած է. «Մաքսային միութեանն անդամակցելուց յետոյ որոշակի ապրանքներ կարող են էժանանալ, որոշները՝ թանկանալ, բայց կտրուկ գնաճը բացառւում է»: Անոր համաձայն, այս անդամակցութիւնը կը բխի ժողովուրդին շահերէն, եւ խօսքը չի վերաբերեր միայն տնտեսութեան:
Մեծ գնաճի մասին եւ նմանատիպ ոչ հաւաստի տարբեր տեղեկութիւններու տարածումը անթոյլատրելի նկատելով՝ նախագահը նշած է, որ պատկան մարմինները պէտք է աշխոյժ կերպով հրապարակային մեկնաբանութիւններ տան նմանօրինակ ապատեղեկատուութեան տարածման եւ հանրութեան առաւելագոյնս ներկայացնեն իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը:
«Մենք միշտ պէտք է յիշենք, որ Հայաստանում արդէն ունենք մամուլի ազատութեան շատ բարձր աստիճան: «Լրագրողներ առանց սահմանների կազմակերպութիւնը» օրերս հրապարակեց աշխարհում մամուլի ազատութեան ցուցիչի վերաբերեալ 2014թ. զեկոյցը, ըստ որի Հայաստանի Հանրապետութիւնն առաջատար է մեր տարածաշրջանում՝ առաջ է իր բոլոր հարեւաններից», նշած է նախագահը:
«Սա, իրօք, շատ լուրջ ձեռքբերում է: Եւ սա պատահական չի ստացուել: Մե՛ր ձեռքբերումն է: Բայց այս ձեռքբերումը բոլորիցս պահանջում է նոր աշխատաոճ, պահանջում է լրացուցիչ ջանքեր: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մամուլի ազատութիւնը նաեւ նշանակում է ստի, բամբասանքի, յերիւրանքի, ապատեղեկատուութեան տարածում հանրութեան շրջանում: Մամուլի ազատութիւն նաեւ նշանակում է, որ մարդկանց որոշակի խմբեր՝ ելնելով իրենց նեղ անձնական կամ նեղ կուսակցական շահերից, ցանկացած լաւ գործ կարող են հանրութեանը ներկայացնել որպէս վատ: Ստացւում է, որ միայն լաւ գործ անելը, լաւ պայմանագիր կնքելը, լաւ որոշում ընդունելը բաւարար չէ, որպէսզի հանրութեան շրջանում ունենանք համապատասխան պատկերացում այդ որոշման, օրէնքի նախագծի կամ գործընթացի մասին», ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Խորհրդակցութեան աւարտին քաղաքաշինութեան նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար արժանացած են պարգեւներու եւ խրախուսանքի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.