
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան յայտնի զբօսաշրջային «Tripadvisor.com» կայքին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պանդոկները եւ զբօսաշրջային կարելիութիւնները ընդգրկելու որոշումը պատճառ դարձած է, որ Ատրպէյճան դարձեալ իրականութիւնները խեղաթիւրելու քայլերուն դիմէ:
Արդարեւ, ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ երկիրի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը որոշած է դիմել կայքի տնօրինութեան, բողոքելու համար այս քայլին դէմ: Նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտնած է, որ կայքին վրայ տեղ գտած պանդոկները «պէտք է ունենան Ատրպէյճանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համապատասխան վկայագիր, ինչ որ ներկայիս չունին»:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էլման Ապտուլլաեւ «Էյ.Փի.Էյ.»ին յայտնած է, որ հարցը սկսած է ուսումնասիրուելու եւ «այդ առնչութեամբ համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են դիւանագիտական ներկայացուցիչներու»:
«Tripadvisor.com» կայքը անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով, այցելուներուն կը ներկայացնեն աշխարհի տարբեր երկիրներու զբօսաշրջային վայրեր ու պանդոկներ: Զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն ունին կարծիք արտայայտելու կայքին վրայ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելած զբօսաշրջիկներուն գերակշիռ մեծամասնութեան տուած մեկնաբանութիւնները կը վկայեն, թէ անոնք գոհ մնացած են Արցախ կատարած իրենց պտոյտներէն ու կեցութենէն, եւ փափաք յայտնած են վերադառնալու հոն: Կայքին վրայ Արցախը ներկայացուած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
If they calling karabakh Republic . that is the realy name of karabakh in Inglish. In Armenian Artsaghi Hanrabedoutiun. It is very simple.