
ԱԹԷՆՔ.- Շաբաթ, 1 Փետրուարին, Քարէայի «Ազատամարտ» ակումբէն ներս, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը կազմակերպուած «Արմէնիքա»ի խմբագրութեան կողմէ: Երեկոն նուիրուած էր հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան նիւթին, յատկապէս՝ Փոքր Ասիական արշաւանքին ընթացքին: Նիւթը ներկայացուց Յունաստանի մօտ ՀՀ ռազմական կցորդ, գնդապետ Սամուէլ Ռամազեանը:
Պատմական դէպքերու եւ դերակատար դէմքերու շուրջ բացատրութիւններով ու վերլուծումներով յագեցած դասախօսութիւնը ճոխացաւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ, որ կենդանի դարձուց հանդիսատեսին աչքին առջեւ անցեալի պատմական անցուդարձները:
Երեկոյին ներկայ եղաւ դասախօսական նիւթով հետաքրքրուած լայն շրջանակ մը, որ առիթը ունեցաւ լսելու գնդապետ Ռամազեանի ծաւալուն եւ ընդգրկուն աշխատասիրութիւնը:
Նշենք, որ գնդապետ Ռամազեան, իր պաշտօնավարութեան տարիներուն ընթացքին յաջողած է բարձր մակարդակի վրայ պահել հելլէն ռազմական շրջանակներու հետ յարաբերութիւնները, փոխադարձ շահաւէտ մթնոլորտի մէջ:
Քանի մը տարի առաջ հայերէն-յունարէն երկլեզու իր գիրքի հրատարակութեամբ, ան առարկայական փաստերու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած աշխատասիրութիւնը հրամցուցած է յոյն եւ հայ հասարակութեան, կարեւոր իր նպաստը բերելով հայ-յունական դարաւոր յարաբերութիւններու գրաւոր արձանագրութեանց եւ պատմութեան փաստավաւերագրութեան կայացման մէջ:
1919-1920ի միջեւ հայ-յունական ռազմական առնչութիւններուն եւ 1920-1922ի միջեւ յունական բանակի փոքրասիական արշաւանքին մասնակցած հայկական զօրամասերու գործօն դերակատարութեան, հերոսական կեցուածքներուն եւ հպարտառիթ նուաճումներուն մասին խտացուած ու հմուտ իր ներկայացումով, գնդապետ Ռամազեանը հանդիսատեսներուն առջեւ բացաւ պատմական մեր անցեալի էջերը, ուրկէ տողանցեցին զօրավար Թորգոմը եւ հայկական լեկէոնը, յունական բանակի ծառայողներ Արամ Կայծակն ու Գաբրիէլ Լազեանը եւ քանի-քանի այլ եզակի դէմքեր ու պատմական դրուագներ:
Երեկոն աւարտեցաւ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ, ակումբի պատասխանատուներուն կողմէ պատրաստուած ճոխ ու համադամ հիւրասիրութեամբ: