ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 5ի երեկոյեան, «Ապրիլ» գրախանութի եւ հրատարակչութեան կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի լեցուն դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սիրուն Երէցեանի «Սիրուն Տառեր» գիրքի շնորհահանդէսը։ Հայ գլխազարդագիրներուն նուիրուած սոյն հատորը կ՛ոգեկոչէ միջնադարեան հայկական արուեստի մանրանկարազարդ ձեռագիրներու եւ զարդատառերու՝ Սիրուն Երէցեանի 25ամեայ ուսումնասիրութիւնն ու յաղթահարումը:
Բացման աղօթքը կատարեցին առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որմէ ետք ողջոյնի խօսք արտասանեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան:
Հանդիսավարն էր արուեստագիտուհիին զաւակը՝ Առնօ Երէցեան, որ ներկայացուց իր մօր ստեղծագործական կեանքէն առնուած նմոյշներ: Բաժինը կը ներառէր երկու տեսահոլովակ, որոնք ցոյց կու տային գեղանկարիչ Սիրուն Երէցեանը իր երկու գլուխգործոցները գունաւորելու աշխատանքին ընթացքին: Պահը յուզեց սրահը, երբ կը տեսնուէր արուեստագիտուհին, որ վերջերս «Լու Կեհրիկ» հիւանդութեամբ ախտաճանաչուած է, այս դժուար արուեստի երանգաւորումներն ու նուրբ գիծերը այնքա՛ն հեշտութեամբ ու նրբագեղութեամբ նկարած պահուն:
Այնուհետեւ, երկու առաջնորդներն ալ Սիրուն Երէցեանին փոխանցեցին Օրհնութեան ու գնահատանքի գիրեր։ Առաջնորդ Մարտիրոսեանին կ՛ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին նաեւ Եփրեմ արք. Թապագեան։ Հանդիսութեան ընթացքին առաջնորդները առողջութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին Սիրուն Երէցեանին՝ շնորհաւորելով «Սիրուն Տառեր» գիրքի հրատարակութիւնը: Ապա, յուզիչ մթնոլորտի մէջ, առաջնորդները եւ ներկայ եկեղեցականները բժշ-կութեան աղօթք կատարեցին Սիրուն Երէցեանին համար եւ օրհնեցին զինք։
Առաջնորդ Մարտիրոսեան իր գնահատանքի գրութեան մէջ նշած էր. «Տիկին Սիրունը ճանչցած ենք իբրեւ արուեստագէտ մը, որ իր վրձինը թաթխած է հայկական բազմադարեան գեղանկարչութեան երանգապնակին մէջ ու բազմաբնոյթ ներշնչումներով՝ գունագեղ պաստառներով հարստացուցած է մեր գեղանկարչութեան կալուածը։ Կարելի չէ տիկին Սիրունի արուեստի աշխարհը տեսնել Հայ Գիրքի աշխարհէն տարբեր բովանդակութեան մէջ, որովհետեւ ան իւրայատուկ ներդրում ունի նաեւ Հայ Գիրքի ծաղկումի կալուածին, իր անփոխարինելի դերակատարութիւնը ունեցած է «Ապրիլ» գրատան գործունէութեան մէջ։ Այս հատորի հրատարակութեան առիթով կազմակերպուած գինեձօնը արդար վարձատրութիւն մըն է անոր հարուստ վաստակին»:
Իր կարգին, Սիրուն Երէցեան առաջնորդներուն նուիրեց իր նշանաւոր սիրամարգերէն մէկական հատ՝ ըսելով հետեւեալը. «Սովորաբար սիրամարգերը կը գտնուին խորաններու վերեւ: Անոնք երկինքի պահապաններն են: Անոնք ծիածաններու նման բոլոր գոյները ունին եւ կը ներկայացնեն արեւը, որ երկրի վրայ կեանքի աղբիւրն է: Սիրամարգերը խորհրդանիշ են հայ միասնութեամբ ու եղբայրակցութեամբ հպարտութեան, զոր ես կը փափաքիմ մեր հայ ազգը ունենայ»:
Վաչէ Մանկրեան, հանրածանօթ դաշնակահարը, որ վերջերս USC-էն ստացաւ իր երաժշտական արուեստներու վարդապետի աստիճանը, ընթերցեց հայերէն գեղեցիկ բանք մը՝ Սիրուն Երէցեանի գործին, հայ մանրանկարչական արուեստի այս հնադարեան աւան-դութիւնը շարունակելու եւ ժամանակակից սերունդին հրամցնելու անոր դերին նկատմամբ իր խոր յարգանքն ու հիացումը արտայայտելով: Ապա դաշնակի վրայ կատարեց քանի մը կտորներ Առնօ Բաբաջանեանէն ու Կոմիտասէն:
Արամ Սամուէլեան՝ եղբայրը գիրքի մեկենաս Պետրոս Սամուէլեանի, Լիբանանէն, Սիրունը շնորհաւորեց իր աշխատանքին համար: Երեկոյեան վերջին խօսողն էր Վահան (Հերի) Մեսրոպեան, հատորին արուեստի պատասխանատուն ու ձեւաւորողը: Ինչպէս յիշուեցաւ, Հերին էր այն անձը, որ արուեստի այս սեռին նկատմամբ Սիրունի հրայրքը բոցավառած էր, երբ 1988ին, օր մը մտած էր հին «Ապրիլ» գրախանութը, ձեռք առած հայ միջնադարեան ձեռագիրներու արուեստը ներկայացնող գիրք մը եւ հարցուցած. «Ոեւէ մէկը լրիւ այբուբեն մը պատրաստա՞ծ է այս զարդագիրները գործածելով»:
Հերին շատ սրտառուչ եւ հիանալի խօսք ըսաւ՝ նշելով Սիրունի ստեղծագործական վարպետութիւնն ու շրջադարձային դերը այս արուեստը արդի դար բերելու մէջ: Հերին 25 տարի շարունակ Սիրունին հետ նոյն աշխատատեղին բաժնած է եւ այս արուեստին նուիրուած անոր գործերու հսկայ շարքը զարգացնելուն հետեւած: Իրեն համար պատիւ մըն է այս բոլորին ականատես ըլլալն ու անկէ ներշնչուիլը:
Էլիզապէթ Գրիգորեան՝ Կլենտէյլի հանրային գրադարանի հայերէնի հաղորդակցման համադրիչը, Սիրունին յանձնեց գովասանագիրներ տարբեր կառավարական ներկայացուցիչներէ, ներառեալ՝ Նահանգային խորհրդարանական Մայք Կաթոյէն եւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆէն: Ասոր հետեւեցաւ Սիրուն Երէցեանի շնորհակալական խօսքը, զոր կարդաց իր որդին՝ Առնօ Երէցեանը: Սիրուն կը յայտնէր, թէ ինչպէ՛ս այս գործը իր կեանքը առյաւէտ փոխած էր: Ան հանդիսատեսներուն յանձնարարեց «iPhone»ի եւ համակարգիչներու պաստառները դիտելէն հրաժարիլ, արթննալ ու «հիմա»ին մէջ ըլլալ: Ան զանոնք, յատկապէս՝ կիները, քաջալերեց արուեստի այս սեռը շարունակելու, իբրեւ խաղաղութեան, խորհրդածումի եւ բուժումի աղբիւր: Երեկոն աւարտեցաւ գինեձօնի արարողութեամբ. աւանդութիւն մը, որ իր ամուսինը՝ հանգուցեալ Յարութիւն Երէցեանը, ներմուծած էր Լոս Անճելըսի հանրութեան մէջ, աւելի քան 30 տարի առաջ, երբ գինին գիրքի էջերուն կը հեղուի որպէս խորհրդանշական օրհնութիւն:
«Սիրուն Տառեր»ը Սիրուն Երէցեանի անխոնջ աշխատանքին եւ սիրոյ իրաւ ճգնանքին բարձրակէտն է: Միջնադարուն հայ մանրանկարազարդ ձեռագիրներու էջերուն սփռուած, հայ գլխազարդագիրները 21րդ դարուն կը վերակենդանանան Սիրունի ձեռամբ: Այս գիրքը հազուադէպ իրագործում մըն է՝ նուիրուած յայտնաբերելու այս խորախորհուրդ գիրերուն ներյատուկ գեղեցկութիւնը: Այս հատորը գեղագիտական արտայայտութեան ու փարթամ գոյներու գանձ մը կը ներկայացնէ, աւելի քան 850 հայ գլխազարդագիրներով, որոնց 248ն իր՝ նկարիչին հեղինակութիւնն են, բոլորն ալ իրագործուած մանրանկարներով, զարդարումներով եւ խորաթափանց հմտութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.