ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթը լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ «Մէկ Գիրք. Մէկ Կլենտէյլ» ծրագիրը որոշած է քննարկումի նիւթ դարձնել Քրիս Պոհճալեանի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» («The Sandcastle Girls») գիրքը՝ նշելով, որ այս ծրագիրը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ ամերիկահայ գրող մը, եւ աւելցնելով, թէ ձեռնարկին ընթացքին Պոհճալեանի հետ պիտի զրուցէ քաղաքի քարտուղար Ատրաշէս «Արտի» Քասախեանը:
Թերթը կապ հաստատած է հեղինակին հետ, որ իր կարգին բացատրած է, թէ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու թոռնիկը ըլլալով՝ այդ պատմութիւնը միշտ կարեւոր եղած է իրեն համար ու վերջապէս կրցած է զայն վէպի մը վերածել:
Գիրքին քննարկումը պիտի կայանայ Հինգշաբթի, Փետրուար 27ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ:
Պոհճալեան հեղինակն է 17 հատորներու, որոնց մէկ մասը տեղ գտած է Միացեալ Նահանգներու մէջ ամենաշատ ծախուած գիրքերու «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ցանկին վրայ. անոնցմէ մէկը եղած է «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» գործը: Անոր վէպերէն ոմանք նաեւ տարուան լաւագոյնը նկատուած են «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի, «Սէյնթ Լուիս Փոսթ»ի, «Փապլիշըրզ Ուիքլի»ի, «Քիրքըս Ռիվիուզ»ի, «Լիթըրըրի Ճըրնըլ»ի եւ այլ հրատարակութեանց կողմէ, իսկ «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» ընտրուած է «Օփրայի գիրքի ակումբ»ին կողմէ:
Պոհճալեան արժանացած է գրական շարք մը մրցանակներու, իսկ «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» հատորը թարգմանուած է աւելի քան 25 լեզուներու:
Քննարկումին մուտքը ազատ է, իսկ գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.