ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեան պիտի բեմադրէ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» գործին՝ իր կողմէ վերամշակուած տարբեակը: Անդրանիկ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 7ին, «ՆօՀօ» արուեստի կեդրոնին մէջ: Ելոյթները պիտի շարունակուին մինչեւ Մարտ 23:
«Գառնի» թատերախումբը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինը կը ներկայացնեն Շանթի սոյն թատերախաղը, որ Արամ Գույումճեանի կողմէ վերածուած է մենախօսութեան մը: Գործը կ՛առնչուի վանականի մը դիմագրաւած հաւատքի ճգնաժամին եւ մարմնական փորձութեանց դէմ պայքարին, որ ծնունդ կ՛առնէ կին մը խեղդամահ ըլլալէ փրկելուն պատճառով:
«Դասական այս թատերգութիւնը փորձած եմ արդիականացնել. գործը նորութիւններ պիտի բերէ նոյնիսկ անոնց համար, որոնք ծանօթ են անոր ու նախկին ներկայացումներուն», կը յայտնէ Գույումճեան:
Հայերէն այս գործը պիտի ներկայացուի Արա Տապանճեանի կողմէ հեղինակուած երաժշտութեամբ, իսկ ներկայացման դերակատարն է Արամ Մուրատեան, որ արդէն իսկ Արեւեմեան Ամերիկայի մէջ դրուատուած է իր շարք մը թատերական գործերուն մէջ ստանձնած դերերուն համար: Ան ելոյթներ ունեցած է «Աւերակների Պահակները», «Կալանք», «Պատանդ» եւ այլ գործերու մէջ:
Ելոյթները տեղի պիտի ունենան շաբաթավերջերուն (Ուրբաթէն Կիրակի), իսկ Մարտ 16ին տեղի պիտի ունենան երկու ելոյթներ, որոնցմէ երկրորդը (երեկոյեան ժամը 7ին) պիտի ունենայ անգլերէն թարգմանութիւն: Կազմակերպիչները որոշած են ոեւէ հանդիսատեսի մուտքը չարտօնել ելոյթին մեկնարկէն ետք, ներկայացումը չխանգարելու նպատակով:
Արամ Գույումճեան «Էլի» մրցանակը շահած է բեմադրութեան («Three Hotels») եւ բեմագրութեան («The Farewells») մէջ: Ան համահիմնադիրն է եւ արուեստի վարիչը Սաքրամենթօ հաստատուած «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին: Բեմադրած է «Արքետիա», «Ֆար Ըուէյ», «Մարվին՛զ Ռում», «Տը Փլէյ Ըպաութ տը Պէյպի» եւ «Սիքս Տիկրիզ աֆ Սեփըրէյշըն» թատերգութիւնները: Անոր վերջին գործերն են «Հեփի Արմինիընզ» եւ «Վելվեթ Ռեվոլուշըն»:
«Հին Աստուածներ»ու ներկայացումներու տոմսերուն համար, այցելել www.itsmyseat.com/garni կայքը կամ դիմել (626) 8MY-SEAT թիւին: Տոմսերու արժէքը 25 եւ 35 տոլար է:
Ելոյթները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը՝ Մարտ 7, 8, 14, 15, 21 եւ 22, երեկոյեան ժամը 8ին.
Կիրակի օրերը՝ Մարտ 9, 16 եւ 23, կ.ե. ժամը 3ին.
Սրահին հասցէն է՝ 11136 Magnolia Blvd. (at Lankershim), North Hollywood:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.