Համազգայինի Կլենտէյլի «Յ. Թումանեան» մասնաճիւղը, շարունակելով իր նախաձեռնութիւնները հայ կրթական մարզին մէջ՝ սկսաւ գնահատանքի կպչուն պիտակներ (stickers) տպագրելու հայերէն լեզուով։ Առաջին պիտակը, որուն վրայ գրուած է «Ապրիս» գնահատականը, կողքին ունենալով այբուբենն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը՝ Արարատի տեսարանին առջեւ, արդէն լոյս տեսած է եւ նուիրուած կարգ մը հայկական դպրոցներու։
Նշենք, որ Կլենտէյլի մասնաճիւղը վերջին երկու տարիներուն, ուժը կեդրոնացուց կրթանպաստի ծրագիրներու՝ հրատարակելով վեց դաստիարակիչ որմազդներ ու զանոնք ձրիաբար բաժնելով հայկական վարժարաններու։ Մասնաճիւղը նաեւ հրատարակեց գունազարդ գիրք մը, որ հաւաքածոյ մըն է վեց դպրոցներէ եկած 170 հայ աշակերտներու կողմէ գրուած բանաստեղծութիւններու եւ արձակ գրութիւններու, որոնք նուիրուած են իրենց մայրերուն, Հայ Մօր Տարուան առթիւ։
«Ուրախ ենք, որ մեր աշխատանքներով աւելի գրաւիչ կը դարձնենք հայերէնի դասանիւթը», կը յայտնէ մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանը։
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ստանալ որմազդներէն, գնահատականի պիտակներէն կամ հայ մայրերու նուիրուած գիրքէն օրինակներ, կրնան դիմել մասնաճիւղին՝ հետեւեալ ե-նամակի հասցէով՝ htglendale@yahoo.com:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.