ԵՐԵՒԱՆ.– Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 12 Փետրուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամմետ Ռէյիսին:
«Այս հանդիպումները ծառայում են մեր երկու ժողովուրդների բարեկամութեան ընդլայնմանը, եւ մենք պարտաւոր ենք հետեւողականօրէն իրականացնել տնտեսական համագործակցութեան համատեղ ծրագրերը», ըսած է վարչապետը՝ ողջունելով դեսպանը:
Դեսպան Ռէյիսին նշած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններէն է, եւ Իրանը պատրաստ է ընդլայնելու երկկողմանի եւ բազմակողմանի գործակցութիւնը տարբեր, եւ յատկապէս ելեկտրականութեան ու տարանցիկ փոխադրումներու ոլորտներուն մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-իրանական առեւտրատնտեսական կապերու օրակարգին (ելեկտրականութեան, զբօսաշրջութիւն, ենթակառուցուածքներու զարգացում) առնչուող հարցեր: Արծարծուած են, մասնաւորապէս, Մեղրիի ջրելեկտրակայանի եւ Հայաստան-Իրան բարձրավոլթ 3րդ ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցման, ինչպէս նաեւ նախագծային հանգրուանի մէջ գտնուող Հայաստան-Իրան երկաթգիծի եւ Իրան-Հայաստան նաւթատարի շինարարութեան ծրագիրներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ: Վարչապետը նշած է, որ այս ծրագիրները Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են եւ պիտի գործադրուին բոլոր ջանքերը՝ անոնց իրականացման համար:
Նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հերթական՝ 12րդ նիստը նախատեսուած է այս տարի կայացնել Թեհրանի մէջ, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ քննարկելու երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխգործակցութեան ընդլայնման ուղղութիւնները:
Համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելու առումով երկուստեք կարեւոր նկատած են բարձր մակարդակի պաշտօնական փոխայցելութիւնները: Դեսպանը վարչապետին փոխանցած է Իրանի առաջին փոխնախագահ Իսհաք Ճահանկիրիի ջերմ ողջոյնները եւ Իրան այցելելու հրաւէրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.