ԵՐԵՒԱՆ.– «Նայիրիտ» գործարանի աշխատաւորները, որոնք 15 ամիսէ աշխատավարձ չեն ստացած, բողոքի նամակ յանձնած են նախագահի աշխատակազմին, ուր անոնք խոստացած են, որ նամակը պիտի փոխանցուի նախագահին: Ապա անոնք բողոքի ցոյց կատարեցին՝ կառավարութեան շէնքին քովէն ուղղուելով դէպի Բաղրամեան 26։
Անոնք նաեւ յայտարարած են, որ բողոքի ցոյց պիտի կատարեն նաեւ 13 Փետրուարին, «Նայիրիտ» գործարանին դիմաց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.