
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան երկու նամակներ ուղարկած է Հաուայիի նահանգային խորհրդարանի Վեթերաններու, ռազմական ու միջազգային յարաբերութեան յանձնախումբին՝ խստօրէն դէմ արտայայտուելով այդ յանձնախումբին ներկայացուցած երկու բանաձեւներուն (թիւ 9 եւ 13), որոնց մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն սխալ տեղեկութիւններ տարածել Արցախի հակամարտութեան եւ Խոջալուի իրադարձութիւններուն մասին:
Նամակներուն մէջ կը ներկայացուին պատմական իրականութիւնները, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ու Արցախի վրայ շարունակուող յարձակումները եւ կոչ կ՛ըլլայ խորհրդարանականներուն, որ տեղի չտան նահանգի իշխանութեանց վրայ իրեն կամքը պարտադրելու Ատրպէյճանի իշխանութեան ջանքերուն դիմաց:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.facebook.com/ANCAWesternRegion կայքը:
Յատկանշական է, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւս բաց նամակով մը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու բոլոր նահանգային խորհրդարաններու անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն «ժողովրդավարութիւնը առեւանգելու» նպատակով վերջերս սաստկացած Ատրպէյճանի իշխանութեանց ջանքերուն: