
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Փետրուար 9ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանէթ Քազանճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Օպամաքեր» անունով մկր-տուած առողջապահական ապահովագրութեան նոր ծրագիրին մասին տեղեկատուական ներկայացում մը, «Հարեւանութեան Միացում» ծրագիրի ծիրէն ներս: Նաեւ, մասնագէտներ ներկայ պիտի ըլլան պատասխանելու «Օպամաքեր» առողջապահական ապահովագրութեան, այդ ծրագիրի Քալիֆորնիոյ տարբերակին՝ «Քավըրտ Քալիֆորնիա»ի մանրամասնութեանց ու անոր դիմումնագիրները ամբողջացնելու մասին հարցումներուն:
Առողջապահական ապահովագրութեան նոր ծրագիրին նպատակն է աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու ապահովագրութիւն տրամադրել՝ զանազան միջոցներով պետական նպաստներ յատկացնելով անոնց, որոնք կարողութիւնը չունին ապահովագրութիւն գնելու:
Ծրագիրի կազմակերպման աշխատանքներուն իրենց աջակցութիւնը տրամադրած են Կլենտէյլի քաղաքապետարանը, Վըրտուկոյի աշխատանքային կեդրոնը, «Լայընզ» առողջապահական ապահովագրութիւնը, ինչպէս նաեւ նահանգային ծերակուտական Քերըլ Լիուի ու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակները:
Մուտքը ազատ է, իսկ կեդրոնի հասցէն է՝ 211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204:
Նշենք, թէ առողջապահական ապահովագրութեան նոր ծրագիրի արձանագրութեան ժամկէտն է Մարտ 31:
Փետրուար 9ի ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-3444 թիւին կամ admin@ancaglendale.org հասցէին: