ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Հոզէ Մանուէլ Պարոսօ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին կոչ ուղղած է աշխուժացնելու Մոսկուայի հետ բանակցութիւնները՝ առանց յոյս դնելու Եւրոմիութեան վրայ:
Պարոսօ ըսած է, թէ Եւրոմիութիւնը կը յարգէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն շեշտած է, թէ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը տագնապին լուծման միակ միջոցն է: Այդ յայտարարութիւնը Թիֆլիսի մէջ ընդունուած է իբրեւ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը վրացական ղեկավարութեան վրայ ձգելու եւ այդ հոլովոյթին չխառնուելու ցանկութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.