ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Նիուզ».– Ազգային ժողովի նիստի յայտարարութիւններու ժամուն, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան խօսած է հանրակրթական ոլորտին մէջ ակնկալուող կրճատումներուն, գազին վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ վճարովի կառատուներու մրցումին արձանագրուած խախտումներուն մասին։
Շուրջ 10 հազար ուսուցչական պաշտօն չեղեալ նկատուած է, եւ, ըստ պատգամաւորին, այդքան ընտանիք պիտի գտնուի ընկերային շատ ծանր պայմաններու դէմ յանդիման:
«Կարծես, կառավարութիւնն ինքն իր համար մրցոյթ է յայտարարել. որքան հնարաւոր է՝ շատ հակապետական գործողութիւններ իրականացնել։ Դիմում ենք Ազգային ժողովին, առաջարկում, որ այս հարցի շուրջ մանրամասն քննարկում հրաւիրուի, եւ եթէ կառավարութիւնը կանխամտածուած է իրականացնում նման քաղաքականութիւն, բռնենք ձեռքը եւ թոյլ չտանք: Թէ՛ Երեւանում, թէ՛ մարզերում նման վարքագիծը բերում է կրթական, դպրոցական միջավայրի վերացման: Չէ՞ որ դրանք պատահական մարդիկ չեն, այլ դպրոցների շունչն են»:
«Եթէ իշխող ՀՀԿն ուզում է ապացուցել, որ հոգ է տանում երկրի քաղաքացիների մասին, թող խորհրդարանում ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծեն գազի դիմաց պարտքի հարցով եւ ակտիւօրէն մասնակցեն դրա աշխատանքներին», յայտնած է Ա. Մինաեան՝ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։ «Եթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնն ուզում է ապացուցել, որ իրենք հրեշտակներ են, թող անի դա՝ գնալով յանձնաժողովի ստեղծմանը», շեշտած է Մինասեան:
Նշենք, որ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան անընդունելի նկատած է խորհրդարանական ընդդիմութեան առաջարկը՝ կազին գծով Ռուսիոյ ունեցած Հայաստանի պարտքին հարցով ժամանակաւոր յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ։ «Սովորաբար, ընդդիմութիւնը չի փորձում լուծել խնդիրները, ուղղակի ուզում է ցոյց տալ հասարակութեանը, որ իրենք անգնահատելի հրեշտակային գործ են անում, իսկ մնացած բոլորը սրիկաներ են: Քաղաքականութեան մէջ դա չի անցնում», յայտնած էր Գալուստ Սահակեան: Անոր համաձայն՝ «խորհրդարանական ոչ կոալիցիոն ուժերի վարքը դիվերսիայ է, որի միջոցով նրանք ուզում են դիւիդենտներ շահել»:
Արծուիկ Մինասնեանի արծարծած երրորդ հարցը Երեւանի մէջ վճարովի կառատուներու համար կազմակերպուած մրցումին մրցակցութեան պայմաններու խախտումներն են։ Անոր համաձայն՝ Երեւանի քաղաքապետարանը պէտք չէ մրցումը կատարէր միայն մէկ ընկերութեան մասնակցութեամբ եւ ատիկա ընել փակ դրութեամբ:
Ի պատասխան, Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի (ՏՄՊՊՅ) նախագահ Արտակ Շաբոյեան յայտարարած է, որ բարձրացուած հարցը պիտի ընդունի ի գիտութիւն: «Ուղղակի ուզում եմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն բանի վրայ, որ մեր ռեսուրսները սահմանափակ են թէ անձնակազմի, թէ բիւջէի առումներով: Մենք չենք կարող ուսումնասիրել բոլոր ոլորտները: Դրա համար ենք կարեւորութիւն տալիս քաղաքացիական սեկտորից, ողջ հասարակութիւնից ստացուող ահազանգերին», ըսած է Շաբոյեանը:
«Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արծուիկ Մինասեան չէ բացառած, որ իր անհանգստութիւնը ՏՄՊՊՅին փոխանցէ գրաւոր կերպով: «Այսպէս, թէ այնպէս, պարոն Շաբոյեանը խոստացել է քննարկել այս խնդիրը», դիտել տուած է ան։
Յիշեցնենք, որ վճարովի կառատուները կը գործեն 1 Օգոստոս 2013էն: Սեպտեմբերին «Փարքինգ Սիթի Սերուիս» ընկերութեան տնօրէն Վազգէն Յարութիւնեան յայտարարած էր, որ կառատուներու ներդրումները 2013ին կազմած են 5 միլիոն տոլար՝ դիտել տալով, որ 2014ին եւս նոյնքան կը նախատեսուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.