ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայկաշէն Ուզունեանի անուան գրական մրցանակի յանձնաժողովը հրապարակած է երկու տարին անգամ մը կատարուող մրցանքին մասնակցելու պայմանները։
Կարելի է 37րդ մրցանքին ներկայացնել գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ կամ հայագիտական եւ պատմագիտական աշխատութիւններ:
Մրցանակի արժանացող հեղինակները կը ստանան համապատասխան վկայագիր եւ դրամական նուէր։
ա. Կարելի է մրցոյթին ներկայացնել 2012-2014 թուականներուն, հայերէն լեզուով հրատարակուած գիրքեր։ Ձեռագիր կամ այլ ձեւով ներկայացուող գործեր նկատի պիտի չառնուին։
բ. Մրցոյթին կրնան գործեր ներկայացնել Հայաստանէն եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն անհատ գրողներ՝ արձակագիր, բանաստեղծ, թատերագիր, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրողներ, պատմաբաններ կամ բանասէրներ։
գ. Մրցանակի դատական կազմի անդամները եւ անոնց հարազատները չեն կրնար մասնակցիլ մրցոյթին։
դ. Ներկայացուող գործերէն երեքական օրինակ պէտք է ուղարկել հետեւեալ հասցէներէն մէկուն՝
Taline Avakian-Ouzounian
19 Route de la Capite,
1223 Cologny, Switzerland
կամ՝
TCA Haigashen Ouzounian Literary Award
50 Khanjian
Erevan- Republic of Armenia:
Գործերը պէտք է ներկայացնել մինչեւ Յուլիս 19, իսկ արդիւնքները պիտի յայտարարուին Հոկտեմբերին։