
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթը լուսարձակի տակ առած է Կլենտէյլ հաստատուած համակարգչային ծրագիրներ արտադրող «IconApps» ընկերութիւնը, որուն 14 պաշտօնեաներուն կէսը Հայաստանէն կ՛աշխատի, իրականացնելու համար անոր ծրագիրները:
Ընկերութիւնը վերջերս հրապարակ հանած է «Էփըլ» գործիքներու յատուկ ծրագիր մը՝ «Inlight App», որ արդէն իսկ տրամադրելի է «Էփըլ» ընկերութեան համակարգչային «App Store»էն:
Թերթը կը նշէ, թէ ծրագիրին ընդհանուր ձեւաւորումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն անոր մշակումը եւ պատրաստութիւնը իրականացած է Հայաստան գտնուող պաշտօնեաներուն շնորհիւ:
Նշեալ ծրագիրը պատրաստուած է գլխաւորաբար կանանց համար եւ անոր միջոցաւ կարելի է կեանքի, սիրոյ, ընտանեկան ու առողջապահական հարցերու առնչուող յօդուածներ ու ցանկեր կարդալ. այս մասին կը յայտնէ «IconApps» ընկերութեան շուկայական հարցերու պատասխանատու Նիշ Մոտոյեան, որ կ՛աւելցնէ, թէ արդի ճարտարագիտութեան մարզէն ներս Հայաստանի մէջ ներդրումները կրնան նպաստել անգործութեան դէմ պայքարին:
Ընկերութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Էլ Եսայեան կը յայտնէ, թէ աւանդական ճարտարարուեստի մարզի աշխատաւորներուն մէջ անգործութեան համեմատութիւնը բարձր է Հայաստանի մէջ, սակայն պարագան նոյնը չէ արդի արհեստագիտութեան մարզէն ներս, ուր հայ պաշտօնեաները կրնան մրցիլ աշխարհի որեւէ մասնագէտի հետ, որովհետեւ Հայաստան արհեստագիտական նորարութիւններու կարեւոր կեդրոն մը եղած է, նոյնիսկ՝ Խորհրդային Միութեան օրերուն:
Ան կ՛աւելցնէ, թէ ներկայիս ծրագիրը ձրիաբար կը ծախուի եւ աշխատանք կը տարուի եկամուտ ապահովելու ծանուցումներու միջոցաւ:
Համակարգչային նշեալ ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.iconapps.com/inlight կայքէջը: