
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութենէն պատգամաւոր Էրիքա Շթայնպախ կոչ ըրած է Թուրքիոյ ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
«Պիլտ» թերթը գրած է, թէ Շթայնպախ այս կոչը կատարած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին՝ անոր Գերմանիա այցելութեան նախօրէին: «Կոչ կ՛ընեմ վարչապետ Էրտողանին, որ դադրեցնէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, Երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ 99 տարի առաջ իրականացուած հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու փաստին ուրացումը», ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ այդ արշաւը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանական արշաւն էր:
«Էրտողանի պարտաւորութիւնն է նայիլ ճշմարտութեան աչքերուն՝ այդ սարսափելի յանցագործութենէն մօտաւորապէս 100 տարի ետք, եւ երաշխաւորել, որ թրքական դասագիրքերը չաղաւաղեն Թուրքիոյ պատմութեան այս դրուագը», աւելցուցած է Շթայնպախ: