ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հայութեան ուղղուած նամակին հրապարակումէն մէկ օր առաջ, Չորեքշաբթի, Յունուար 29ին, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ յայտարարութիւններ ըրած է քրտական շարժումի շուրջ ստեղծուած սխալ տպաւորութիւններուն ու տարաձայնութիւններուն կապակցութեամբ։ Ան քննադատած է պատմաբան Թաներ Աքչամի կողմէ վերջերս յառաջ քշուած այն կարծիքը, թէ Օճալան Թուրքիոյ կ՛ուզէ հասկցնել, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով դժուարութիւն պիտի չստեղծէ, այլ պիտի կանգնի պետութեան կողքին։
Աքչամ այս մեկնաբանութիւնը ըրած էր քիւրտ ղեկավար Պեսէ Հոզաթի կողմէ փոքրամասնութիւններու հասցէին յառաջ քշուած կարծիքին հակադարձելով: Հոզաթ պնդած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան բազմաթիւ «զուգահեռ պետութիւն»ներ ու յոյն, հայ կամ հրեայ փոքրամասնութիւնները «զուգահեռ պետութիւն» նկատած էր։
Տեմիրթաշ այս մեկնաբանութեան դէմ արտայայտուած է ու գանգատած նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթին դէմ, որ Աքչամի պնդումը գլխաւոր լուրի վերածած էր։ «Քիչ մը աճապարած են», ըսած է Տեմիրթաշ։
Տեմիրթաշ նաեւ ողջունած Լէյլա Զանայի եւ Օճալանի միջեւ հանդիպումին դէմ չդնելու Անգարայի որոշումը: «Լէյլա Զանա քաղաքագէտ մըն է, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է այս խնդրին. ան խորհրդանշան մըն է: Ուրախ ենք, որ արտօնուեցաւ, որ ան Իմրալը երթայ: Ասիկա յաջող քայլ մըն էր հաշտութեան գործընթացին մէջ», ըսած է Տեմիրթաշ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.