
ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուքրանիոյ ընդդիմութիւնը անակնկալի մատնած քայլով մը, Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ Հինգշաբթի, Յունուար 30ին անորոշ թուականով քաղաքական բեմէն հեռացաւ, «առողջական պատճառներով»:
Ընդդիմութեան ղեկավարները յայտարարեցին, թէ նախագահին այս որոշումին իսկական պատճառը կրնայ ըլլալ բանակցութիւններուն ձգձգումը, որովհետեւ նախագահը կը գտնուէր անբաղձալի որոշումներ տալու պարտադրանքին տակ:
Ընդդիմութիւնը, որուն համակիրները կը շարունակեն իրենց ցոյցերը, հակառակ սաստիկ ցուրտին, նաեւ անբաւարար համարեց որոշ ձերբակալուած ցուցարարներու ներում շնորհելու խորհրդարանին կողմէ Չորեքշաբթի գիշեր վաւերացուած որոշումը, որովհետեւ խորհրդարանը այդ որոշումին գործադրութիւնը կապած էր գրաւուած պետական կարգ մը շէնքերէն ցուցարարներու հեռացման:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, անդրադառնալով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, ըսած է, որ Ուքրանիոյ խոստացուած օժանդակութիւնը եւ կազի գինի նուազեցման որոշումը պիտի պահպանուին, նոյնիսկ եթէ իշխանութեան գայ ընդդիմութիւնը: Փութին ըսած է, թէ օժանդակութեան համաձայնութիւնը կապուած չէ կառավարութեան, «այլ ուքրանացի ժողովուրդին աջակցելու ցանկութեան»: Մոսկուայի համակիր Ուքրանիոյ վարչապետին հրաժարումէն ետք Փութինի մէկ այլ յայտարարութիւնը մեկնաբանուած էր իբրեւ ազդարարութիւն՝ այդ վարկի յանձնումին կապակցութեամբ: