ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Հինգշաբթի, Յունուար 23ին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ սուրիական ընդդիմութեան եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ, իբրեւ նախապատրաստութիւն Ուրբաթ օր երկու կողմերուն միջեւ նախատեսուած ուղղակի բանակցութեանց:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի առաջին օրուան աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ աշխարհը կ՛ուզէ անմիջապէս վերջ տալ սուրիական տագնապին: Ան յոյս յայտնած էր, որ բանակցութեանց ճամբով կարելի ըլլայ խաղաղ լուծումի հասնիլ եւ նշած, որ սուրիական երկու կողմերը Ուրբաթ օր Լախտար Իպրահիմիի հովանաւորութեամբ խաղաղութեան բանակցութեանց պիտի սկսին՝ ընդունելով, որ «դժուար գործը Ուրբաթ օր կը սկսի»:
Իպրահիմի յայտարարած է նաեւ, որ երկու կողմերուն միջեւ մեծ վիհ մը գոյութիւն ունի, սակայն այս խորհրդաժողովին մասնակցիլ ընդունիլը ինքնին «մեծ քայլ մը» նկատած է:
Փոխանցման կառավարութեան մը եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ապագային մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ունենալիք դերակատարութիւնը կը թուի ըլլալ կողմերը իրարմէ բաժնող գլխաւոր հարցերէն մէկը:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ բոլոր ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ շատ պէտք չէ յուսալ, թէ «Ժընեւ-2»ը «սուրիացի ժողովուրդի հարցերուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին համար լուծումներ պիտի գտնէ», իսկ Ռուսիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտնեց, թէ Իրանը խորհրդաժողովէն հեռու պահելը՝ խորհրդաժողովի յաջողութեան պիտի չնպաստէ, եւ աւելցուց. «Անոնք Իրանի դէմ կը պայքարին, երբ Սուրիոյ մէջ գլխաւոր հարցը ծայրայեղականութիւնն է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.