
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ֆրիտըմ Հաուս»ը հրապարակած է քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու մասին 2014 թուականի զեկոյցը: Հայաստանը զեկոյցին մէջ ներառուած է իբրեւ Եւրասիական տարածաշրջանի երկիր եւ 43 միաւորով կը գրաւէ չորրորդ հորիզոնականը տարածաշրջանին մէջ՝ Մոլտովայէն, Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն ետք:
Եւրասիան ազատութեան ցուցանիշով արդէն երկար ժամանակ է ամէնէն վատ ցուցանիշները կ՛արձանագրէ աշխարհի մէջ, եւ քաղաքական իրաւունքներու ամենավատ ցուցանիշները՝ միւս տարածաշրջաններուն նկատմամբ:
«Ընտրակեղծիքները համատարած բնոյթ կը կրեն, լրատուամիջոցներու գրաքննութիւնը սովորական երեւոյթ է, դատական համակարգը կը գտնուի քաղաքական վերահսկողութեան տակ, իսկ կրօնական հաւատամքը ենթակայ է պետութեան ընտրած ուղիին: Տարածաշրջանը իր մէջ կը ներառէ երեք ամենավատ վարկանիշ ունեցող երկիրները՝ Պելոռուսը, Թուրքմէնիստանը եւ Ուզպեքիստանը, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, որոնք ժամանակակից մենատիրական վարչակարգի համաշխարհային առաջատարներն են», նշուած է զեկոյցին մէջ:
Հայաստանի գծով նշուած է, որ Հայաստանի փետրուարեան նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդները նկատած են բազմաթիւ խախտումներ, սակայն երկրին ցուցանիշը քիչ մը բարելաւուած է՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն քարոզարշաւին համար տրուած կարելիութիւններուն ընդլայնման շնորհիւ:
Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»ի՝ դրացի երկիրներէն Ռուսիան (26 միաւոր) 2013 թուականին հզօրացուցած է ներպետական հետապնդումները քաղաքական ընդդիմադիրներուն եւ խոցելի փոքրամասնական խումբերուն հանդէպ: Ատրպէյճանը (22 միաւոր) անկում ապրած է քաղաքացիական ազատութիւններու ցուցանիշով՝ կառավարութեան կողմէ գոյքային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու պատճառով: Վրաստանը (63 միաւոր) 2013 թուականին Եւրասիոյ մէջ հանդիսացած է «պայծառ կէտերէն» մէկը, որ բարելաւած է իր ցուցանիշները՝ շնորհիւ բաց եւ քիչ բեւեռայնացած քարոզարշաւային միջավայրին եւ հոկտեմբերեան ազատ եւ արդար նախագահական ընտրութիւններուն: