
Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի 2013-2014 տարեշրջանի նուիրահաւաքին առիթով ծրագրուած ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 7, 2013ին, «Պեվըրլի Հիլթըն» հիւրանոցի «Սթարտասթ» սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 130 հիւրերու: Ներկաներու շարքին էին ծնողներ, շրջանաւարտներ, համայնքի ղեկավար դէմքեր եւ դպրոցին զօրակցող անձնաւորութիւններ:
Երեկոն սկսաւ Ռազմիկ քահանայ Խաչատուրեանի օրհնութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Զօրիկ Մուրատեան ի գործ դրաւ ձեռնարկի ամփոփ ծրագիրը:
Վարժարանի Խնամակալ մարմինի Ուսումնական մարմինին կողմէ բարի գալուսի եւ շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկաւ տոքթ. Րաֆֆի Կէտիկեան:
Տնօրէն Ժան Գոսագեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ներկայ եւ թէ բացակայ նուիրատուներուն, որոնցմէ շատերը իրենց նախնական՝ իւրաքանչիւր զոյգի հազար տոլար մասնակցութեան նուիրատուութիւնը, կրկնապատկած կամ բազմապատկած էին: Ան մաս առ մաս ընթերցեց բոլոր նուիրատուներուն անուները: Սոյն նուիրահաւաքի ձեռնարկէն գոյացաւ աւելի քան 150,000 տոլար: Նուիրատուներու ամբողջական ցանկը լոյս կը տեսնէ «Ասպարէզ»ի սոյն թիւի անգլերէն բաժինին մէջ՝ առանձնաբար:
Ներկաներու շարքին էին նաեւ տոքթ. եւ տիկ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայանները, որոնք հիմնական նուիրատուներն են «Ֆերահեան»ի նախակրթարանի բաժինին: Տոքթ. Գապայան իր կարգին իր սրտի ու զօրակցութեան խօսքը փոխանցեց ներկաներուն:
Ձեռնարկի մթնոլորտը հաճելի էր բոլոր ներկաներուն համար:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)