
ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».– Խաղաղ պայմաններու մէջ բանակին մէջ մահացած զինուորական ծառայողներու ծնողները այս տարի առաջին անգամ ըլլալով 16 Յունուարին բողոքի ցոյց կատարած են կառավարութեան շէնքին մօտ: Անոնք ընդվզումով արտայայտուած են օրերուն բանակին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին։
«Մենք դիմում ենք պաշտպանութեան նախարարին, ինքն ասել է, որ զօրամասերում խստացուել է իրավիճակը, ինքը ասում է, որ խիստ պատժելու է, ոչ մի հիւանդ զինուոր չի գնալու բանակ: Ո՞ւր են իր խոստումները», հարցում կ՛ուղղէին զինուորներուն ծնողները:
Անոնք կը նշէին, որ թէ՛ հիւանդ զինուորները կը զօրակոչուին բանակ, եւ թէ զինուորները բանակին մէջ ծեծի կ՛ենթարկուին: Ծնողները կը պահանջէին, որ պաշտպանութեան նախարարը պատժէ մեղաւորները, այլապէս՝ «ինքը փուչիկ ա, ստում ա»:
Զինուորներուն մայրերը կը դժգոհէին, որ իրենց որդիներուն մահուան հանգամանքները չեն բացայայտուիր, մեղաւորները չեն պատժուիր, իսկ կառավարութենէն ոչ ոք իրենց յստակ պատասխան կու տայ։
Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նոյն օրը այցելած էր Բժշկական համալսարան, ուր լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած էր վերջերս բանակին մէջ արձանագրուած դէպքերուն՝ զինուոր Հայկ Մակարեանի մահուան, թոքերու բորբոքումին պատճառով, եւ ծեծուած վիճակով զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած Մհեր Խլղաթեանի պարագային:
«Հայկ Մակարեանի մահուան դէպքի հետ կապուած նախնական տուեալներով կայծակնային արագութեամբ աճած մինինգիտի դէպք է եղել: Հիմա դիահերձման ժամանակ դատաբժշկական փորձաքննութիւնը վերջնական ցոյց կը տայ», նշած է ան։
Մհեր Խլղաթեանի դէպքին անդրադառնալով՝ նախարարը դիտել տուած է, որ դէպքին առնչութեամբ քրէական գործ յարուցուած է, պէտք է ճշդուի՝ ուժ կիրարկուա՞ծ է, թէ ոչ:
«Նախնական տուեալներով, կան ձերբակալուածներ, ովքեր մեղաւոր են, կը կրեն իրենց պատիժը», յայտնած է նախարարը։