Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի համացանցային կայքէն կ՛իմանանք, թէ հաւաքականի անդամ՝ Էջմիածինէն պասքեթպոլիստ Գոռ Փլաւճեան կը շարունակէ իր ձիրքերը բարելաւել՝ տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի խումբին հետ: Ան ներկայիս երկրորդ տարուան ուսանող է, իսկ 2013ին ընտրուած էր առաջին տարուան ուսանողներու լաւագոյն պասքեթպոլիստներու շարքին: Ներկայիս, ան իւրաքանչիւր մրցումի, միջին հաշուով՝ կը նշանակէ 18 կէտ ու գնդակը մրցակից խումբին ձեռքը անցնելէ կը փրկէ (rebound) 10 անգամ:
Իր կարգին, նոյն հաւաքականի անդամ դառնալու հաւանականութիւն ունեցող Մայք Պուրզանեանը կը խաղայ «Պէյց» քոլեճի խումբէն ու ընտրուած է Մէյն նահանգի համալսարանական պասքեթպոլի երրորդ դասակարգի շաբթուան լաւագոյն խաղացողը՝ Յունուարի առաջին շաբթուան համար: Ան եւս երկրորդ տարուան ուսանող է, իսկ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին, միջին հաշուով՝ կը նշանակէ 18.7 կէտ ու գնդակը մրցակից խումբին ձեռքը անցնելէ կը փրկէ 8 անգամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.